Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի «Ծաղկած Ցաւ» Գիրքին Գինեձօնը Լիբանանի Մէջ

Սփիւռք

Երէկ` ուրբաթ, 8 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի «Ծաղկած ցաւ» գիրքին գինեձօնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան: Ան ըսաւ, թէ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը ո՛չ միայն մեծ դաշնակահարուհի է, այլ նաեւ բանաստեղծուհի, որ ունի բանաստեղծութիւններու վեց ժողովածուներ: Կամիլան ծնած է Երեւան: Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ ասպիրանտուրան` 2003 թուականին: 1993-ին դափնեկիր է Առնօ Պապաճանեանի անուան դաշնակահարներու մրցումին: 1999-ին  արժանացած է «Ռուբէն Սեւակ» գրական մրցանակին (Երեւան) եւ «Սեպուհ Սարգսեան» համահայկական գրական մրցանակին` 2003-ին, Քալիֆորնիա: Կամիլան Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ է 2003-էն սկսեալ:

Սեդա Ունճեան-Խտըշեան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ Կամիլայի գիրքերէն գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Երեւանի հայկական մանրանկարչութեան կեդրոնի հիմնադրամին:

Խօսք առաւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան: Ան խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան, գիրքի մեկենասին եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չեն խնայած գիրքի տպագրութեան ու հրապարակման աշխատանքներուն առումով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանին, որուն կը պատկանի գիրքի կողքին պատկերը:

Ապա գիրքը ներկայացնելով ըսաւ, թէ գրել կը նշանակէ մտնել սրբազան խորան: Գրելը արտացոլանքն է յոյզերու եւ ապրումներու: Գրողները ընթերցողներուն սեփականութիւնը կը դարձնեն ազգային եւ համամարդկային ցաւեր: Ան ըսաւ, թէ գիրքը ունի վեց մաս. գլուխները ունին նաեւ իրենց ենթավերնագիրները, որոնք կը խորհրդանշեն այդ շարքին մէջ զետեղուած բանաստեղծութիւններուն ընդհանուր հոգեմտաւոր պատկերը: Ան ըսաւ, թէ առաջին գլուխի վերնագիրն է «Երկինքի տակ», ուր ազատութիւնն է, հայրենիքն է, սէրն է, դժուարութիւններն են, համամարդկային խնդիրներն են, հարցերն են մեր այսօրուան, համաշխարհայնացման թոհուբոհին մէջ, երբ վտանգուած է ազգայինը, բնականաբար  ստեղծագործողը անմաս պիտի չմնայ նաեւ այդ պրիսմակէն նայելու, լուսարձակի տակ առնելու ո՛չ միայն ազգային եւ հայրենիքին նուիրուած, այլ նաեւ համամարդկային հարցերուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ:

Կամիլա ըսաւ, թէ գիրքին մէջ բաժին մը յատկացուցած է լոյս ճակատ տղոց, որոնց կեանքի եւ արեան շնորհիւ է, որ կ՛ապրինք եւ կանք իբրեւ հայ, որոնց արեան գնով կը պահուի հայրենիքը: Ան ըսաւ նաեւ, որ գիրքը իր բովանդակութեան եւ բանաստեղծութիւններու ոճային կառուցուածքով բաւականին բազմատեսակ է: Գիրքը ունի նաեւ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու բաժին մը: Ան յայտնեց, որ այդ մէկը իր արեան ճիչն է, որ օր մը գլուխ պիտի բարձրացնէր: Բաժին մըն ալ յատկացուած է նաեւ արցախեան ազատամարտին:

Պէտք է նշել, որ իր խօսքի ամբողջ ընթացքին Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան մերթընդմերթ կարդաց իր բանաստեղծութիւններէն հետաքրքրական եւ ուշագրաւ կտորներ:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուեցաւ Կամիլիա Երկանեան-Քէշիշեանի «Ծաղկած ցաւեր» գիրքին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գինեձօնը եւ այդ առիթով գրականագէտներու եւ գրողներու տպաւորութիւնները եւ վկայութիւնները այդ մասին:

Այնուհետեւ Նորա Թաշճեան «Ծաղկած ցաւ» գիրքէն կտոր մը կարդաց եւ տուաւ իր վկայութիւնը: Ան ըսաւ, թէ հեղինակը ձգտած է ներկայացնել ապագային նկատմամբ յոյսեր, բայց նաեւ ժամանակի տխուր պատկերը: Ան նշեց, որ իրական պատկերներու փոխարէն կտորին մէջ կը գտնենք նշաններ, որոնք կը ներկայացնեն կեանքի վերիվայրումները,  բարդութիւնը, բազմաշերտութիւնը, երբեմն ալ` վերացական վիճակը: Բանաստեղծութեան մշուշոտ եւ վերացական պատկերները խորհրդածութիւններու դուռ կը բանան եւ կը պահեն խորհրդանշական իմաստ: Հեղինակի ապրած կեանքի տպաւորութիւններուն եւ յոյզերուն բնութագրումը կը տեսնենք, ինչպէս նաեւ արտաքին եւ ներքին աշխարհներու մարմնաւորումը:

Ապա վեր. Նշան Պագալեան կարդաց Կամիլայի «Լացի գիշեր» բանաստեղծութիւնը: Ան ըսաւ, թէ երբ մարդ կեանքը կը դիտէ իր իրականութեամբ, երբ կը տեսնէ` ինչպէս է կեանքը, կ՛անդրադառնայ, որ մեղքի իրականութեան մը մէջ կ՛ապրի: Աշխարհը այս վիճակին մէջն է ամէն վայրկեան: Իսկ երբ բանաստեղծը կը դիտէ զԱստուած իր իրականութեան մէջ եւ կը տեսնէ անոր սիրոյ եւ զոհաբերութեան արտայայտութիւնը Յիսուս Քրիստոսով, կը տեսնէ մեղքի իրականութիւնը աշխարհի մէջ, ոչ թէ այնտեղ, այլ այստեղ եւ կապը կը հաստատուի աշխարհի եւ բանաստեղծին միջեւ: Ան յայտնեց, որ այս երկու բեւեռներուն մէջ է, որ կ՛ապրի «Լացի գիշեր» բանաստեղծութիւնը` աշխարհին եւ անհատին միջեւ: Թէեւ բանաստեղծութիւնը չարչարանքի մասին է, բայց ունի նաեւ յոյսի ձայներ իր մէջ:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան: Ան ըսաւ, թէ ձեռնարկին ընթացքին ճաշակեցինք բանաստեղծութեան իւրայատուկ քաղցրութիւն մը, որուն կարօտը ունէինք: Մեր դիմաց բացուեցան երեւակայութեան անվերջանալի հորիզոններ, ճշմարտութեան, մաքրութեան, անկեղծութեան: Խօսքի աւարտին ան մաղթեց, որ բանաստեղծուհի Կամիլայի գրիչը ծաղկուն մնայ:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը, որմէ ետք Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան մակագրեց իր գիրքերը ներկաներուն: