Սոցիալիզմին Ճամբայ Բացէ՛ք. Ընկերական Զրոյց

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խաժակ Մկրտիչեան

Իբրեւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժ, ազգային ուղեգիծին ու ընկերվարական իր գաղափարախօսութեան հաւատարիմ, Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր մշտանորոգ ընթացքը, նպատակ ունենալով կերտել ազատութեան, արդարութեան և համերաշխութեան հիմնարար սկզբունքներու վրայ հիմնուած իրաւական, ժողովրդավարական և սոցիալական պետութիւն։
ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողով

Իր հիմնադրութենէն ի վէր, ընկերվարութիւնը եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական հիմնասիւներէն կարեւորագոյնը: Ոմանք կը փորձեն ներկայացնել, որ իբր ՀՅԴ-ն ընկերվարութիւնը սկսած է որդեգրել 1907 թուականի Ընդհանուր Ժողովին հաստատուած ծրագիրով: Ուրիշներ, Դաշնակցութեան կը մեղադրեն, որ ազգային գերխնդիրները առաջնահերթ կը նկատէ, ընկերավարութեան աւելի նուազ կարեւորութիւն տալով:

Փաստը կը մնայ այն, որ 1892 թուականի Ընդհանուր Ժողովին ընդունուած ՀՅԴ ծրագիրը արգասիքն էր ընկերվարական հայեացքներու տէր ՀՅԴ հիմնադիրներու միտքին ու համոզումներուն, որ նոյնիսկ թրքահայութեան ազատագրութեան պայքարը կը հիմնաւորէր ընկերվարութեան գաղափարական ըմբռնումներով:

Արշակ Ջամալեանի բառերով հաստատենք, որ «Դաշնակցութիւնը, ըստ իր ծրագրի, ընկերվարական է եղել 1892 թուականից ի վեր»: Իսկ Ընդհանուր Ժողովներու կողմէ հաստատուած ՀՅԴ ծրագրի բոլոր իրերայաջորդ վերամշակումները, մեծ բծախնդրութեամբ ու գաղափարական սկզբունքայնութեամբ, աներեր պահած են ՀՅԴ ընկերվարական ըմբռնումը: Բնականաբար, ընկերվարութիւնը իբրեւ մարդկային ընկերութեան վերաբերող գաղափարախօսութիւն, իր տրամաբանական զարգացումն ու հոլովոյթը պիտի ապրէր: Ուստի, ՀՅԴ ծրագիրներու վերամշակումներուն մէջ Դաշնակցութեան դաւանած ընկերվարութիւնն ալ պիտի արձագանգէր այդ զարգացման ու հոլովոյթին:

Պատմական իրողութիւն է նաեւ այն, որ Դաշնակցութիւնը միշտ հաստատած է, որ իր դաւանած ընկերվարութեան գործնականացման բնական միջավայրը հայ ժողովուրդի անկախ պետութիւնն է: Ընկերվարական համոզումները գործի վերածելու առաջին առիթը հանդիսացաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կարճատեւ ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին, որպէս իշխանութեան կրող քաղաքական ուժ, Դաշնակցութիւնը պետական տարբեր ոլորտներու մէջ դրսեւորեց էապէս ընկերվարական վարքագիծ:

Ընկերային արդար համակարգ հիմնելու պայքարին յաջորդ առիթը ստեղծուեցաւ Հայաստանի վերանկախացումով: Սակայն, Դաշնակցութեան ընկերվարական ամբողջական ինքնադրսեւորումը տեղի չունեցաւ, որովհետեւ Հայաստանի վերանկխացումը կը կատարուէր Արցախեան ազատագրական պայքարի ուղեկցութեամբ, եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումին կը յաջորդէր «կոմունիզմ»ի ու «սոցիալիզմ»ի հանդէպ խառնաշփոթ թիւրըմբռնումներու համատարած մթնոլորտ մը: Այդ մթնոլորտը պարարտ հող ստեղծած էր վայրի դրամատիրութեան, խելայեղ սեփականաշնորհումի եւ անմիտ ազատականութեան համար: Առաջին տարիներու չարիքին հետեւանքները մեր հայրենիքը կը կրէ մինչեւ այսօր, եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, ետեւ ետեւի ծնած ու անհետացած գրեթէ բոլոր կուսակցութիւնները բնորոշող տնտեսական ու ընկերային հայացքները ազատ շուկայական ու ազատական եղած են: Նոյնիսկ, ընկերային արդարութեան մասին խօսողները` ի վիճակի չեն եղած նորազատականութեան ոլորապտոյտէն դուրս գալու:

Հակառակ տարիներէ ի վեր իրերայաջորդ իշխանութիւններու կողմէ որդեգրուած ազատ շուկայական կառավարումի հետեւանքով յառաջացած բեւեռացումներուն, ցարդ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ միակ ծանրակշիռ
ընկերվարական քաղաքական ուժը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է:

Այս հանգամանքին ամբողջական գիտակցութեամբ, ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը յատուկ շեշտադրումով կ’ուրուագծէր Դաշնակցութեան յառաջիկայ քաղաքական ուղեգիծը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ «ազատութեան, արդարութեան և համերաշխութեան հիմնարար սկզբունքներու վրայ հիմնուած իրաւական, ժողովրդավարական և սոցիալական պետութիւն» կերտելու նպատակին։

Սոցիալական պետութեան ՀՅԴ պատկերացումը հիմնուած է հայ մարդու բարեկեցութեան սկզբունքի վրայ, զոր ապահովելը էապէս պայմանաւորուած է ընկերային արդարութեան հաստատումով եւ մանաւանդ եկամուտներու արդար բաշխումով: Ընդհանուր Ժողովը նաեւ հաստատեց, հանրութեան բեւեռացումը եւ անարդարութիւնը, մենաշնորհն ու ներքաղաքական այլ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հարցը էապէս ազգային անվտանգութեան հետ կապուած հրամայական է:

ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը կը հաստատէ. «Իբրեւ ընկերվարական քաղաքական ուժ, կը նկատենք, որ հայ մարդը եւ անոր բարեկեցութիւնը հիմնական արժէք է և ընկերային արդարութեան, հանրային համերաշխութեան և եկամուտներու արդար բաշխման խնդիրները տակաւին լուծուած չեն և հանրութեան բևեռացուածութիւնը կը մնայ Հայաստանի ներքաղաքական հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկը, ինչ որ ընդելուզուած է վերը նշուած մեր ազգային անվտանգութեան հետ»:

Վերոնշեալ բանաձեւի մեկնակէտն ու տեսադաշտը Հայաստան պետութիւնն է, սակայն իբրեւ Ընդհանուր Ժողովի ուղեգիծ, Դաշնակցութեան ներհայաստանեան քաղաքականութիւնը ձեւաւորելէն անդին՝ այն համադաշնակցական կառոյցին համար ուղեցոյց մըն է, որ խարսխուած է ՀՅԴ Ծրագրի ողնասիւնը հանդիսացող ընկերվարութեան վրայ եւ կը միտի ընկերվարութեան տեսաբանական ընդհանուր տարազաւորումէն անդին անցնիլ եւ դաշնակցական ողջ գիտական ներուժը գործի լծել` մշակելու համար տնտեսական ու ընկերային քաղաքականութեանց այլընտրանքային ծրագրեր, որովհետեւ թէկուզ «իբրեւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժ» ՀՅԴ-ն «պիտի շարունակէ իր մշտանորոգ ընթացքը, նպատակ ունենալով կերտել սոցիալական պետութիւն»: Մշտանորոք այդ ընթացքին նախաքայլը առնուած է արդէն, երբ Օգոստոս 2018-ին հանրութեան ներկայացուեցաւ ՀՅԴ Սոցիալ – տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները: ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի պահանջը այդ հիմնադրոյթները մանրամասնելն ու զանոնք գործնական այլընտրանքային ծրագիրներու վերածելն է, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ արդարութեան ու հանրային համերաշխութեան ապահովումը եւ եկամուտներու արդար բաշխումը:

Ուրեմն, սոցիալիզմին ճամբայ բացէ՛ք: