Արցախի Ջատագովում՝ Արիզոնայի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

ՖԻՆԻՔՍ.- Հաւատարիմ մնալով հայութեան շահերը պաշտպանելու իր առաքելութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ անոր Արիզոնայի մասնաճիւղը համագործակցաբար դիմած են Արցախը ջատագովելու եռօրեայ նախաձեռնութեան մը, որ տեղի պիտի ունենայ 16-18 Փետրուարին։

«Արցախի Հանրապետութիւնը հայութեան հայրենիքի երկու պետութիւններէն մէկն է եւ Արցախի ժողովուրդը կարիքը ունի Հայկական Սփիւռքի նեցուկին, դէմ դնելու համար Ատրպէյճանի շարունակական բռնարարքներուն ու շարունակելու համար ազատ եւ ժողովրդավար երկիր մը կերտելու ջանքերը։ Արիզոնայի հայ համայնքը կրնայ իր կարեւոր լուման բերել Արցախը ջատագովելու գործին, յատկապէս որովհետեւ Պաքու հակաքարոզչական գործունէութիւն կը մշակէ այդ նահանգին մէջ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Այս նպատակով, 16 եւ 17 Փետրուարին, յաջորդաբար Ֆինիքսի Հայ կեդրոնին մէջ (13043 N. Cave Creek Rd, Phoenix, Arizona 85022) եւ Սքաթցտէյլի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ մէջ (8849 E. Cholla St., Scottsdale, AZ 85260) տեղի պիտի ունենան հանրային հաւաքներ։ Ֆինիքսի հաւաքը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4։30ին, իսկ Սքաթցտէյլինը՝ յաւարտ Ս. պատարագի։

Փետրուար 18ին, Հայ Դատի եւ նահանգի հայութեան ներկայացուցիչները Արիզոնայի նահանգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենան Արցախը ջատագովելու նպատակով շարք մը հանդիպումներ պիտի իրականացուին, Արցախի տագնապին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելով։

Անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել, կրնան արձանագրուիլ՝ այցելելով www.ancawr.org/azadvocacy կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝

www.facebook.com/ancaarizona կայքէջը։