Արմէն Սարգսեան Փարիզի Մէջ Մասնակցած է ՀԲԸՄ 90-րդ Ընդհանուր Ժողովին

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Փարիզի մէջ, մասնակցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 90-րդ Ընդհանուր ժողովին։

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ երկու տարին անգամ մը գումարուող Ընդհանուր ժողովին ներկայ եղած են պատուիրակներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ։

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը խոշորագոյն հայկական հասարակական կազմակերպութիւնն է, որ տարբեր կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով իր նպաստը կը բերէ հայկական ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման՝ ձգտելով յատկապէս երիտասարդ սերունդին մօտ սերմանել հետաքրքրութիւն ազգային հարուստ ժառանգութեան եւ աւանդոյթներու հանդէպ:

Արմէն Սարգսեան 2016 թուականէն ՀԲԸՄ տնօրէններու կեդրոնական խորհուրդի անդամ է: