ՄԷՃԼԻՍԻ ՀԱՅԸ. «Թուրքիոյ Իշխանութիւնը Այլեւս Չի Թաքցներ Հայերու եւ Քիւրտերու Հանդէպ Որեւէ Խտրականութիւն»

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան կը շարունակէ այդ երկրին մէջ ենթարկուիլ քրէական ու քաղաքական հետապնդումներու:

Թրքական իշխանութիւնները նախաձեռնած են Կարօ Փայլանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու գործընթաց:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մասին բարձրաձայնող եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հրապարակաւ համարձակօրէն քննադատող Փայլանը կը մեղադրեն թուրք ազգը, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը եւ նախագահը վիրաւորելու մէջ:

Տիարպեքիրի դատախազութիւնը Փայլանի դէմ հետաքննութիւն սկսած է քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածի յատկանիշներով եւ միջնորդագիր ուղարկած է խորհրդարան՝ զայն պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջով:

Ermenihaber.am-ը՝ յայտնի փաստաբան, քրէական իրաւունքի մասնագէտ արժանթինաբնակ Ֆետերիքօ Հայրապետեանի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն միջոցով վերջինս իր գնահատականը տուած է Կարօ Փայլանի նկատմամբ թրքական դատարանի իրականացուցած գործընթացներուն եւ անոնց քաղաքական դրդապատճառներուն վերաբերեալ:

Փաստաբանը, պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատէ Թուրքիոյ մէջ Կարօ Փայլանի դէմ սկսած հետապնդումները եւ ինչ դրդապատճառներ կրնան ունենալ թրքական իշխանութիւնները, ըսած է.

«Կառավարութիւնը դիմած է Արդարադատութեան նախարարութեան, քրտամէտ «HDP» կուսակցութեան անդամ 8 պատգամաւորներու՝ նաեւ Տիարպեքիրի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի քաղաքական անձեռմխելիութիւնը վերացնելու համար: Նաեւ, Կարօ Փայլան կը մեղադրուի Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով՝ իր որոշ ելոյթներուն մէջ «թրքականութիւնը, թուրք ազգն ու կառավարութիւնը վիրաւորելու համար»: 2019 Մարտին տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, եւ կառավարութիւնը կ՝ուզէ վստահ ըլլալ, որ «HDP»-ն պիտի տկարանայ ու պիտի կորսնցնէ վերահսկողութիւնը Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն եւ բոլոր քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: Միաժամանակ, ժողովրդականութիւն վայելող Կարօ Փայլանի նկատմամբ կը դրսեւորուի յաւելեալ ատելութիւն եւ խտրականութիւն:

Ֆետերիքօ Հայրապետեան շեշտած է, որ հայ պատգաւորին հանդէպ սկսած դատական գործընթացին շարժառիթը զուտ քաղաքական է: «Այս տեսակէտէն կարեւոր է նաեւ իշխանութեան դիրքորոշումը, որ այլեւս կարիք չկայ թաքցնելու հայերու եւ քիւրտերու դէմ ուղղուած որեւէ խտրականութիւն»,- ըսած է ան:

Համեմատականներ տանելով Հրանդ Տինքի եւ Կարօ Փայլանի դէմ իրականացուող հետապնդումներուն միջեւ՝ Հայրապետեան նշած է, որ Հրանդի պարագային անհրաժեշտ էր լռեցնել լրագրողը, որ կը համարձակէր ըսել ճշմարտութիւնը ցեղասպանութեան մասին եւ որ հանրաճանաչ դարձաւ, քանի որ կը խօսէր յօգուտ անցեալի շուրջ երկխօսութեան: Կարոյի պարագային՝ անհրաժեշտ է մինչեւ ընտրութիւնները լռեցնել յայտնի քաղաքական գործիչը, եւ ատոր միակ ձեւը առաջին հերթին զինք քաղաքական անձեռնմխելիութենէ զրկելն է, ապա արդարադատութեան նախարարի հաւանութեամբ՝ դատել զայն թրքականութիւնը վիրաւորելու համար:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ որքա՞ն է հաւանականութիւնը, որ հայ պատգամաւորը կ’ազատազրկեն, Հայրապետեան պատասխանած է.
«Կառավարութիւնը ձերբակալած եւ բանտարկած է «HDP»-ի համանախագահները, ինչպէս նաեւ տասնեակ «HDP»-ական պատգամաւորներ, կուսակցութեան հարիւրաւոր անդամներ: Կառավարութիւնը նաեւ պաշտօնէ հեռացուցած է HDP կուսակցութեան անադամակցող հարիւրաւոր քաղաքապետեր եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ աշխատող այլ պաշտօնեաներ: Այժմ անոնք կը հետապնդեն ուշադրութիւն գրաւող որոշ գործիչներ, որոնք դուրս մնացած են վերոնշեալ ցանկէն, ինչպէս `Կարօ Փայլանը: Ներկայիս բաւական դժուար է բռնապետական վարչաձեւի մէջ հակազդել կամ կանխել որեւէ ձերբակալութիւն: Կը կարծեմ, որ կառավարութիւնը պիտի փորձէ ձերբակալել Կարօ Փայլանը մինչեւ Մարտի ընտրութիւնները, սակայն ընտրութիւններէն ետք ազատ պիտի արձակէ, եթէ անոնք ընտրութեան յաղթանակ տանին»:

Հարցազրոյցի աւարտին փաստաբանը շեշտած է, որ կարեւոր է գործադրել ամէն ջանք մարդու իրաւունքներու կամ խօսքի ազատութեան կազմակերպութիւններու միջոցով թրքական իշպանութիւններուն հակազդելու համար:

 

Ֆետերիքօ Հայրապետեան պաշտպանած է Արժանթինի վերջին ռազմական բռնապետութեան զոհերը, հետաքննելով նախապէս կատարուած մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները:

Ֆետերիքոն կը համարուի «Լուիզա Հայրապետեան հիմնադրամ»ի հայ-արժանթինական ՀԿ-ի նախագահ: Իր ղեկավարած հիմնադրամին ջանքերը առաջինն էին աշխարհի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական ճանաչման ձեռքբերման տեսակէտէն, երբ 2011-ին արժանթինական դաշնային դատարանը ընդունեց, որ1915-ի դէպքերը, համաձայն արժանթինական օրէնքի, մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնքի, ՄԱԿ ցեղասպանութեան պայմանագրի, կը համարուին ցեղասպանութիւն:

Անոր աշխատանքը հիմնադրամի հետ ներկայիս կեդրոնացած է Արժանթինի միջնակարգ եւ յետմիջնակարգ ակադեմիական ուսումնական ծրագիրներու մէջ ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու մասին ծրագիրներու զարգացման:

Հարցազրոյցը՝ Էլեն Քոքչեանի