Կը Պահանջենք Կազմաքանդել Ատրպէյճանի Ազգային Հերոսին Նուիրուած Յուշարձանը. Յայտարարութիւն

Սփիւռք

Վերջին շրջանին Վրաստանի մէջ ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Վրաստանի խորհրդարանի ատրպէյճանցի պատգամաւորներու կողմէն մեծ աղմուկ բարձրացուած է Սամցխէ-Ջաւախքի Բուղաշէն գիւղին մէջ Միքայէլ Աւագեանի կիսանդրիի վերաբացման առիթով, որ այդ գիւղի ծնունդ էր եւ գիւղացիները մէկ ամիս առաջ թարմացուցին տասնամեակներ առաջ տեղադրուած կիսանդրին։

Եթէ գիւղի ծնունդ հանդիսացող մարդու յիշատակը յաւէրժացնող յուշարձանը կրնայ այդպիսի աղմուկի պատճառ հանդիսանալ, ուստի մենք կը պահանջենք կազմաքանդել Ատրպէյճանի ազգային հերոս Ճալիլ Սաֆարովին նուիրուած յուշարձանը Մառնէուլիի շրջանի Լեժբադին գիւղին մէջ, որ Ղարաբաղեան պատերազմի աշխոյժ մասնակից էր եւ սպաննած է բազմաթիւ հայեր (նաեւ՝ խաղաղ բնակիչներ), որուն համար ալ արժանացած է Ատրպէյճանի ազգային հերոսի կոչման։

Կը մնայ միայն մեր տարակուսանքը յայտնել հակասական այն գործողութիւններուն վերաբերեալ, ըստ որոնց՝ Վրաստանի ատրպէյճանական համայնքն ու ատրպէյճանցի  պատգամաւորները կոչ կ՝ընեն կազմաքանդել կիսանդրին, պատճառաբանելով, որ տուեալ անձը Ղարաբաղեան պատերազմի մասնակից է՝ միաժամանակ շարունակելով Վրաստանի ատրպէյճանաբնակ շրջաններուն մէջ տեղադրել Ղարաբաղեան պատերազմի ատրպէյճանցի մասնակիցներու արձանները։

Խստօրէն կը դատապարտենք նաեւ ատրպէյճանական աղբիւրներէ տարածուող եւս մէկ ապատեղեկատւութիւն, որ Միքայէլ Աւագեանը մասնակցած է Աբխազական պատերազմին։ Միքայէլ Աւագեանը Աբխազիոյ մէջ աշխատած է մինչեւ 1990՝ իբրեւ ոստիկան, ուստի չի կրնար մասնակցած ըլլալ 1992-ին սկսած պատերազմին։ 1990-էն ան ապրած ու գործած է Հայաստանի մէջ։

 

Վրատանի մէջ գործող «Լեռնաշխարհ միութիւն» ՀԿ  

http://javakhkmedia.com