Տիարպեքիրի Մէջ 1200 Տարուան Աստուածաշունչ Յայտնաբերուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Տիարպեքիր նահանգի Քայափընար շրջանին մէջ յայտնաբերուած է 1200 տարուան 37 էջէ բաղկացած Նոր Կտակարան մը։ Գտածոն առգրաւուած է խումբ մը գանձագողերու ձեռքէն: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը։

 

Աղբիւրին համաձայն՝ գործին առնչութեամբ ձերբակալուած է 3 կասկածեալ, որոնք ենթադրաբար ուզած են վաճառել Աստուածաշունչը՝ իբրեւ հնագոյն հազուագիւտ իր։

Գտածոն տարուած է յատուկ ուսումնասիրութեան: Արդէն յայտնի է, որ անիկա ունի առնուազն 1200 տարուան պատմութիւն: Աղբիւրը չի մանրամասներ, թէ ինչ լեզուով շարադրուած է Նոր Կտակարանը:

Յիշեցնենք, որ օրերս Տիարբեքիր նահանգի Սիլուան շրջանին մէջ՝ գանձագողութեան մեղադրանքով՝ ձերբակալուած էր 8 մարդ, անոնցմէ 4-ը բարձրաստիճան ոստիկաններ էին: Հարցաքննութեան ընթացքին պարզուած էր, որ ոստիկանները Սիլուանի մէջ պեղումներ սկսած են իրականացնելու՝ հայկական գանձեր գտնելու նպատակով:

 

[Haber görseli]