Հանդիպում-զրոյց Նիկոսիոյ «Նարեկ» Ազգային Վարժարանի Աշակերտներուն Հետ

Սփիւռք

Փետրուար 5, 2019-ի առաւօտեան՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղար Աստուածաշունչի Ընկերութեան եւ հեղինակ՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքին, հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ Նիկոսիոյ «Նարեկ» Ազգային վարժարանի միջնակարգի աշակերտներուն հետ, դպրոցի գրադարանի սրահին մէջ։

Հանդիպում-զրոյցին նպատակն էր խօսիլ աշակերտներուն հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումի կարեւորութեան վրայով եւ թէ ինչպէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ անհրաժեշտ է հայ նոր սերունդը հայերէնը եւ ինքնութիւնը ամուր պահեն։

Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ իր փորձառութիւններէն եւ նաեւ կարեւոր համարեց ազգային մշակութային արժէքներուն նկատմամբ հպարտ ըլլալու կարեւորութիւնը։ «Երբ լաւ հայեր էք՝ վստահ եղէք, թէ լաւ քաղաքացիներ կրնաք ըլլալ այս երկրին եւ նաեւ շատ աւելի լաւ կրնաք հասկնալ եւ յարաբերիլ ոչ հայերու հետ։ Ձեր լեզուն լաւ սորվեցէք եւ նաեւ ձեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը»,- ըսաւ ան։

Հանդիպումը կազմակերպած էր միջնակարգ դասարաններու հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատու Տիկ. Վիոլէթ Թաշճեանը։ Ան այս տեսակի արտադասարանային ձեռնարկներ կը փորձէ կազմակերպել, որպէսզի աշակերտները աւելի ծանօթանան եւ հմտանան հայկական արժէքներու գիտակցութեան։ Հանդիպումին ներկար էր Տիկ. Վերա Թահմազեանը՝ «Նարեկ» Վարժարանի տնօրէնուհին եւ Պրն. Վարդան Թաշճեան՝ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետը։

Ներկայ մը