Հերո՛ս Եղբայրներ, Ձեր Աչքերէն Արձակուող Կայծն է, որ Զիս կը Մղէ Ճիշդ Հասկնալու «Մեր Հայրենիքը», Թէկուզ Երբեմնի «Թշուառ ու Անտէր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թամար Հերկելեան

Աչքերս հազիւ կրցայ բանալ արեւածաղիկին արձակած շողերէն եւ ցորենի հասկերուն հետ օրօրուելով` գտայ ճամբայ մը դէպի, դէպի, դէպի… Հանգիստ կը դիմաւորէի խիտ անտառներուն ստուերները եւ հարազատի պէս կ’ուզէի շա~տ գաղտնիքներ հասկնալ անոնցմէ։ Լեռներն ու կիրճերը, անյատակ ձորերը միայն յաւելեալ ճիգի եւ կամքի ներշնչարաններ էին. չէի վախնար։ Ցերեկն ու գիշերը իրարու խառնած` կը քալէի սրտիս կշռոյթով։ Մերթ ընդ մերթ երկինքը իր խաղերը կը ներկայացնէր` օրուան մտածումներուս բեմադրութեամբ. պայծառ երկինք եւ յոյսի շողեր, գորշ ամպեր, մռայլութիւն եւ քաջութիւն։ Արկածախնդրութեան մը գերին դարձած` չէի զգար ծանրութիւնը ոտքերուս, յամառօրէն կը քաշէի մարմինս եւ կ’երթայի դէպի, դէպի, դէպի… Տեղ-տեղ գմբէթաւոր հարազատներ` իրենց շալակին սպասումի յոգնութիւնը, տեղ-տեղ դարաւոր խոց, քարեղէն համբերութիւն եւ լռութիւն։ Տեղ մը` հեքիաթ…լեռներուն սիրահարուած արեւածագը, արեւածաղիկներուն հարսանիքը, ճերմակ ձին եւ հրայրքը արեւմարին։ Տեղ-տեղ` լուսամուտներէ սպրդող վաղուան արշալոյս եւ հաւատքի ուժ. գիւղեր, քաղաքներ, կեանքի եւ մահուան ուրուականներ, բայց միշտ անառիկ ամրոցներ։ Անկարելի էր կանգ առնել…Կապոյտ-կանաչ հորիզոն, ոսկի դաշտեր, մով լեռներ. հազարամեայ ծառեր, նորափթիթ ծառեր, կտրուած ծառեր, բայց անվերջ ծիլեր։
Աչքեր… ծիծաղ ու ցաւ, խինդ ու ցասում ամփոփող աչքե~ր, «հայու աչքեր, սիրուն աչքեր»։ Եւ վերջապէս` սեւ երկինքին տակ պայծառ տղաք…կեանքէն մահ նետուող խիզախութիւն, հողին համար հող գրկող անմահութիւն եւ վեհութիւն։

***

Հասայ եւ հիմա պինդ կը նայիմ ձեր աչքերուն, մեռնո’ղ եւ ապրո’ղ տղաք։ Ձեզմով աւելի’ կը հասկնամ պատանեկութեանս առաջին տարիներուն մեր ուսուցիչներուն ոգեւորութիւնը, երբ կը խօսէին իրականութեան ճամբան գտած մեր երազներուն մասին, դասագիրքերէն դուրս կը խօսէին նոր հերոսներու կերտած պատմական քայլերուն մասին։ Որքա~ն կը հպարտանայինք ձեզմով, եւ մեր «կտոր մը երկինք»ին վրայ յաճախ կը սաւառնէին արծիւներ։ «Թնդա’, Ղարաբա’ղ, մրրիկի երկիր, մեր սիրտը քեզ է եւ արծիւներուդ» երգը կը ցնցէր մեր հազիւ ամրացող էութիւնը, աւելի հնչեղ կը դառնային միութենական կեանքը իմաստաւորող յեղափոխական երգերը` իրենց խորքով, հերոսներու փոխանցած պատգամով։ Ձեր խոժոռ հայեացքէն աւելի կը հասկնամ, թէ ինչո’ւ հայրս իր ցուցամատը վճռական թափով կը շարժէր, երբ մեր ընտանեկան թէ ընկերական խրախճանքները կ’աւարտէին «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգով։ Աւելի’ կը գիտակցիմ, թէ ինչո’ւ պրն. Զաքարը մեզի կը սորվեցնէր, թէ մե’նք ալ «Ղարաբաղի բալիկն ենք, մեր պապերի յոյսն ենք…»։ Այո’, հերո’ս եղբայրներ, ձեր աչքերէն արձակուող կայծն է, որ զիս կը մղէ ճիշդ հասկնալու «Մեր Հայրենիքը», թէկուզ երբեմնի «թշուառ ու անտէր», բայց Հպա’րտ Հայրենիքը` «իւր ազգի ազատութեան» նահատակներուն անվեհեր խոյանքով։ Փա~ռք ձեզ, որ անխառն հայրենասիրութեամբ, անսակարկ նուիրումով եւ արդար հպարտութեամբ կերտեցիք նոր եւ հայուն վայել ուժեղ պատմութիւն։

***

21 Նոյեմբեր, 1998: Հայրս տուն մտաւ` ձեռքին Հրայր Բազէի «Արցախ» լուսանկարներու գիրքը։ Հ.Յ.Դ.-ի 108-ամեակին առիթով մեր գիւղին մէջ կազմակերպուած խրախճանքին վիճակահանութեան նուէրն էր, օրուան բախտաւորը` հայրս։ Խորքին մէջ ես էի բախտաւորը, որովհետեւ ճիշդ այդ օրերուն փափաք յայտնած էի` ունենալու այդ խօսուն գիրքը։

Հօրս դէմքին կը ցոլար սրտին անհուն բերկրանքը, իսկ ես կը բանայի առաջին էջը` արեւածաղիկն ու ցորենները, ժպտացող եւ շարժող կեանքի շնչող յուշարձանները։