Սամուէլ Բաբայեան Մտադրութիւն Ունի 2020-ին Առաջադրուելու Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն

Հայաստան

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Արցախի հերոս Սամուէլ Բաբայեան կը ծրագրէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել 2020-ին Արցախի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն․ այս մասին ան յայտարարած է «Ազատութիւն» ռադիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

«Ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ անընդհատ ատոր մասին կը խօսին, որ ես ինչո՞ւ չեմ վերադառնար Ղարաբաղ, ինչո՞ւ այստեղ եմ: Օրէնքով սահմանափակուած է` եթէ տասը տարի անընդմէջ չեմ ապրած, չեմ կրնար թեկնածու ըլլալ: Սահմանադրութիւնը թոյլ կու տայ, որ 5-10 տոկոս ստորագրութիւն հաւաքեմ, որ հնարաւորութիւն ստեղծուի, որ մենք ալ մասնակցինք: Մարտին մենք ատով պիտի զբաղինք»,- ըսած է Բաբայեան:

Հարցումին, թէ արդեօք առաջադրուելու ցանկութիւն ունի՞ նախագահի պաշտօնին, ան պատասխանած է․ «Այո՛, առաջադրուելու ցանկութիւն ոչ թէ ունիմ, այլ ինծի կը պարտադրեն»:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի կայքէն: