Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին Նուիրուած Թելեթոնին Մեկնարկը՝ 9 Փետրուարին

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայ-ամերիկեան թանգարանին նուիրուած պատկերասփիւռային անդրանիկ դրամահաւաքին՝ թելեթոնին, յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով կազմակերպուած է մեկնարկի յատուկ ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Փետրուարին, կ.ա. ժամը 11էն մինչեu կ.ե. ժամը 2, Կլենտէյլի Տարեցներեւ ժամանցի կեդրոնին սրահին մէջ (Adult Recreation Center, 201 East Colorado Street, Glendale, CA 91205)։

Մասնակիցները ներկայ կամաւորներուն եւ թանգարանի ներկայացուցիչներուն հետ պիտի հեռաձայնեն կամ պատգամներ պիտի յղեն իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն, քաջալերելու համար զանոնք, որ դիտեն թելեթոնը եւ գործնականապէս զօրակցին անոր։ Տեղւոյն վրայ նուիրատուութիւններ եւս պիտի ընդունուին։

Զովացուցիչներ եւ սուրճ պիտի տրամադրուի մասնակցողներուն, որոնք նաեւ առիթը պիտի ունենան շրջագայելու ապագայ թանգարանին վայրը եւ մօտէն ծանօթանալու պատմական այս նախաձեռնութեան։ Մուտքը ազատ է բոլորին։

Նշենք, որ թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Փետրուարին, նպատակ ունենալով հանրութեան աւելի մօտէն ծանօթացնել թանգարանի ծրագիրը եւ ծրագիրին իրականացման ի նպաստ գումարներ հաւաքել:

Դրամահաւաքը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4ին (Քալիֆորնիոյ ժամով) ու պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 10: Անիկա պատկերասփիւռի շարք մը կայաններէ եւ համացանցի միջոցով ուղղակի պիտի սփռուի։ Անոր յայտագիրին ընթացքին պիտի սփռուին համայնքային ղեկավարներու եւ յատուկ հիւրերու հետ հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ թանգարանի ծրագիրին մասին պատրաստուած տեսանիւթեր ու գեղարուեստական ելոյթներ: Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը ջանայ 12 միլիոն տոլար գոյացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ 2020ին սկսիլ շինարարական աշխատանքներուն: Նախաձեռնուած են դրամահաւաքի շարք մը այլ միջոցառումներ:

Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել՝ հեռաձայնելով (800) 655-9554 թիւին կամ նուէրը առաքելով Armenian American Museum, 111 East Broadway, Suite 207, Glendale, CA 91205 հասցէին: Համացանցի միջոցաւ նուիրելու համար՝ այցելել www.GiveAAM.org կայքը:

Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան եւ վաճառատուն: Անոր վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝

այցելել

www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը:

0207AAM telethon