Հայաստան Ունի Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Ոլորտին Մէջ Աշխատող Կիներու Ամենաբարձր Տոկոսը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստան առաջինն է աշխարհի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (IT) ոլորտին մէջ աշխատող կիներու մասնակցութեամբ, որ կը կազմէ 30 տոկոս: Այս ցուցանիշով Հայաստան կը գերազանցէ Միացեալ Նահանգները, Գանատան եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ, կը վկայեն «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր հիմնադրամ»ի (Enterprise Incubator Foundation) ուսումնասիրութիւնները, կը հաղորդէ Սիլիլնէթը։

Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէի տուեալներով` հայաստանեան համալսարաններուն մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ տեղեկատուական անվտանգութեան բաժիններու մէջ աղջիկներուն թիւը չորս տարուան մէջ աճած է աւելի քան հինգ անգամ:

SoloLearn ընկերութեան ծրագրաւորողներէն Անի Գրիգորեան կ՛ըսէ․ «Մեր ուսանողական տարիներուն Ճարտարագիտական համալսարանի մէջ այս ճիւղը ուսանող քսան տղու կողքին միայն հինգ աղջիկ էինք,  իսկ հիմա աշխատանքի մէջ աղջիկներու ու տղոց համեմատութիւնը գրեթէ նոյն են»։

Ըստ անոր՝ կարծրատիպերը վաղուց կոտրուած են, եւ աղջիկներուն թիւը այս մարզին մէջ կը շարունակէ աճիլ: