Արցախի Յաջորդ Նախագահը Պէտք է Ըլլայ Արայիկ Յարութիւնեանը․ Արթուր Աղաբեկեան

Հայաստան

Արցախի նախկին փոխվարչապետ, դաշնակցական Արթուր Աղաբեկեան կը կարծէ, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն Արցախի նախկին վարչապետ, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան այլընտրանք չունի:

«Ամէն անգամ ըլլալով Ստեփանակերտ, աջէն-ձախէն անընդհատ կը հարցնեն ինծի, վերջը ով պիտի ըլլայ Արցախի յաջորդ նախագահը:

Հրապարակային կը պատասխանեմ բոլորին. 2012ին ըլլալով Արցախի փոխվարչապետը եւ աշախատելով վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, իմանալով անոր պատկերացումները եւ տեսլականը Արցախի ապագային, անոր զարգացման մասին կը գտնեմ, որ երկրի յաջորդ նախագահը պէտք է ըլլայ Արայիկ Յարութիւնեանը, եւ հիմա կը յայտարարեմ` Արայիկ Յարութիւնեանը չունի այլընտրանք:

Յարութիւնեանի այլընտրանք չունենալու մասին յառաջիկային դեռ առիթներ շատ պիտի ունենամ խօսելու»,-գրած է Աղաբեկեան:

Յիշեցնենք, որ Արցախի գործող նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարած է, որ պիտի չմասնակցի յաջորդ ընտրութիւններուն:

«Ազատութիւն» ռատիոկայանին  տուած հարցազրոյցի ժամանակ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեան յայտնած է, որ կը ծրագրէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել 2020-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն: