Սերժ եւ Անժէլա Թանկեանները Աջակցած են Հայաստանի 200 Անապահով Ընտանիքի

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանկեանը՝ տիկնոջ Անժէլա Թանկեանի հետ, օգնած են Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու աւելի քան 200 անապահով ընտանիքի: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ ներկայացնելով այս առնչութեամբ տրամադրուած հաղորդագրութիւնը ամբողջութեամբ.

«Արդէն քանիերորդ տարին է` Սերժ եւ Անժէլա Թանկեանները՝ «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ եւ «Դասաւանդի́ր, Հայաստան» հիմնադրամի, «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն» եւ «Բարի մամա» ՀԿ-ներու հետ համատեղ՝ կ՝իրականացնեն բարեգործական ծրագիրներ` ուղղուած Հայաստանի մէջ աղքատութեան յաղթահարման:

Հերթական բարեգործութիւնը իրականացուեցաւ 2018-2019-ի ձմրան, որուն ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի, Լոռիի, Շիրակի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Արարատի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի, Կոտայքի մարզերու եւ Երեւանի` աւելի քան 200 անապահով ընտանիքներ ներառուեցան սննդամթերքով ապահովման եռամսեայ ծրագիրին:

Թանկեան ընտանիքը տարիներ շարունակ եղած է այն հայ ընտանիքներու կողքին, որոնք տարբեր պատճառներով յայտնուած են դժուար իրավիճակի մէջ, անգնահատելի եւ երախտագիտութեան արժանի աջակցութիւն ցուցաբերելով անոնց»: