Գարեգին Բ Այցելած է Սիտնիի Կաթոլիկ Մայր Տաճար, Ուր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ Մատուցուած է

Հայաստան, Սփիւռք

Փետրուար 4-ին, Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցին ծիրէն ներս, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ շքախումբի ուղեկցութեամբ՝ այցելած է Սիտնիի Սուրբ Աստուածածին կաթոլիկ Մայր Տաճար:

Մայր տաճարին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Սուրբ Պատարագ մատուցած է Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեան` ներկայութեամբ շուրջ 2000 հաւատացեալներու եւ հանդիսապետութեամբ Սիտնիի Կաթոլիկ թեմի առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Էնթընի արքեպիսկոպոս Ֆիշըրի: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Առաջնորդարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ողջունած են Մայր Տաճարի լուսարարապետ Հայր Տոն Ռիչըրտսընը եւ օգնական եպիսկոպոս Ռիչըրտ Ամպըրզը:

Կատարուած է շրջապտոյտ, Հայոց Հայրապետին ներկայացուած է ազգային ժառանգութիւն նկատուող տաճարի երկհարիւրամեայ պատմութիւնը:

Շրջապտոյտին ընթացքին՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետը աղօթքած է տաճարի մուտքին 2018 Դեկտեմբեր 18-ին հայոց մեծ բարեկամ Բարձրաշնորհ Տէր Էնթընի արքեպիսկոպոս Ֆիշըրի ջանքերով եւ տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Հիլտա Գրքաշարեաններու նուիրատւութեամբ զետեղուած հայկական խաչքարին առջեւ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին:

Այցին առիթով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հարցազրոյց տուած է Սիտնիի Կաթոլիկ առաջնորդարանի «Catholic Weekly» թերթին: Այնուհետեւ, հայրապետական շքախումբի անդամներուն, թեմական եւ ծխական մարմիններու անդամներուն եւ ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեաններու ներկայութեամբ տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակում: Լուսարարապետին ընծայուած է Սուրբ Էջմիածինի եւ Արարատի մանրանկար, իսկ օգնական եպիսկոպոսին` Սուրբ Ծննդեան պատկեր: