Հայաստանը Ժողովրդավարական Վերափոխում Կ՝ապրի. Նիկոլ Փաշինեան Այցելած է «Քոնրատ Ատենաուըր» Հիմնադրամ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Գերմանիա կատարած պաշտօնական այցին երկրորդ օրը, այցելեց «Քոնրատ Ատենաուըր» հիմնադրամ։ Զինք դիմաւորեց հիմնադրամի նախագահ փրոֆէսըր Նորպըրթ Լամըրթ։

«Քոնրատ Ատենաուըր» հիմնադրամի գործունէութեան հիմքը ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներն են։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ այսպէս իր ելոյթը սկսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ան նշեց, որ ինչպէս 7 տասնամեակ առաջ Գերմանիան, այնպէս ալ այսօրուան Հայաստանը ժողովրդավարական վերափոխում կ՝ապրի: Ան ընդգծեց, որ նախորդ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան հիմքը այնպիսի գաղափարներ ու սկզբունքներ էին, որոնք հիմնարար են նաեւ հիմնադրամին համար:

«Անցեալ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան պատմական փոփոխութիւններ: Մենք վերականգնեցինք ժողովրդավարութիւնը, որ չարաշահուած եւ խեղաթիւրուած էր այն ժամանակներէն ի վեր, երբ մենք ընդվզեցանք կոմունիստական վարչաձեւին դէմ: Այսօր ես հպարտ եմ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը այլեւս վտանգուած չէ»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը նշեց, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները ամրապնդեցին ունեցած ձեռքբերումները եւ ապացուցեցին, որ հայ ժողովուրդը ժողովրդավարութեան համար այլընտրանք չի տեսներ: Ան նշեց, որ հայ ընտրողը մերժեց բոլոր անոնց, որոնց անունները կ՝աղերսուէին կաշառակերութեան, հիմնարար ազատութիւններու սահմանափակման, վատ կառավարման, տնտեսական անարդիւնաւէտութեան եւ լճացման հետ:

Նիկոլ Փաշինեան նկատեց, որ այսօր կառավարութիւնը աննախադէպ օրինականութեան եւ հանրային վստահութեան քուէ ունի: Վերջին հարցումներէն մէկուն համաձայն` հասարակութեան աւելի քան 70 տոկոսը վստահ է, որ երկիրը կ՝երթայ ճիշդ ուղղութեամբ:

«Այս աննախադէպ վստահութեան մակարդակը մեզի կը պարտադրէ վճռական քայլեր կատարել բարեփոխումներու ուղղութեամբ, եւ այս հարցով մենք ձախողելու իրաւունք չունինք: Միւս կողմէն՝ հանրային վստահութիւնը կու տայ իւրայատուկ հնարաւորութիւն, որ պէտք է օգտագործենք մեր ձեռքբերումներու ամրապնդման եւ մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ապագայի պաշտպանութեան համար: Կը կարծենք, որ վերափոխման գործընթացին յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ մեր քաղաքական ձեռքբերումները տնտեսականի վերածելը: Այլ խօսքով, մենք պէտք է տնտեսական յեղափոխութիւն կատարենք»,- ըսաւ ան։

Իբրեւ ատոր հասնելու ուղի՝ վարչապետը նշեց ժողովուրդի գործարար եւ մտաւոր ներուժի ազատ եւ անսահմանափակ իրականացման համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը։ Ան աւելցուց, որ ընդունած եւ արդէն սկսած են իրականացնել բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգ:

«Մասնաւորապէս, ներկայիս մենք արմատական քայլեր կը ձեռնարկենք կաշառակերութեան դէմ պայքարելու, մենաշնորհները վերացնելու, բոլոր տնտեսական եւ քաղաքական դերակատարներու համար խաղի հաւասար պայմաններ ապահովելու եւ անկախ դատական համակարգ ստեղծելու ուղղութեամբ: Այդ բարեփոխումներու իրականացման ճանապարհին՝ յաջողութեան հասնելու համար՝ մենք կը զարգացնենք մեր տնտեսական եւ քաղաքական հիմնարկները»,- ըսաւ ան:

Հայաստանը վճռական է այս ճանապարհին, սակայն, վարչապետի խօսքով, այնուամենայնիւ, ինչպէս ցանկացած այլ անցումային երկիր, ՀՀ-ն եւս կարիք ունի լրացուցիչ աջակցութեան՝ բարեփոխումները արագացնելու համար: Այս ծիրէն ներս, վարչապետը հրաւիրեց ներկաներու ուշադրութիւնը փաստի մը վրայ։

«Կ՝ուզէի ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել հանրայայտ փաստի մը վրայ. նախկին խորհրդային երկիրներէն ոչ մէկը յաջողած է արդիականացնել հիմնարկները առանց նիւթական եւ արհեստագիտական աջակցութեան: Հայաստանը բացառութիւն չէ: Աւելին, յետխորհրդային երկիրներուն բնորոշ մարտահրաւէրներէն բացի, Հայաստանը անկախութեան առաջին իսկ օրերէն դիմակայած է շարք մը այլ մարտահրաւէրներ: Այս առումով, Եւրոմիութեան հետ գործընկերութիւնը հսկայական նշանակութիւն ունի մեր բարեփոխումներու օրակարգին համար: Դժուար է գերագնահատել վերջին քառորդ դարուն Հայաստանին տրամադրուած ԵՄ աջակցութեան կարեւորութիւնը»,- նշեց ան:

Հայաստանը վճռական է, սակայն, ըստ վարչապետի, ԵՄ-ի նիւթական եւ արհեստագիտական օժանդակութիւնը կրնայ արագացնել եւ ամրապնդել Հայաստանի մէջ իրականացուող գործընթացները: Այստեղ ան ընդգծեց Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին կարեւորութիւնը: Ըստ անոր՝ ատոր իրականացումը կրնայ մեծապէս նպաստել հիմնարկներու զարգացման։ Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանը կը փափաքի խորացնել իր տնտեսական յարաբերութիւնները ԵՄ անդամ երկիրներու հետ:

«Գերմանիան մեր հիմնական նուիրատուներէն է եւ հիմնական առեւտրային գործընկերներէն: Մենք կը համագործակցինք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, ներառեալ` տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ոլորտը, ուժանիւթը, զբօսաշրջութիւնը, մշակոյթը, կրթութիւնը, գիտութիւնը եւ այլն: Մենք հաւատարիմ ենք մեր կապերու ամրապնդման եւ տնտեսական համագործակցութեան նոր հեռանկարներու ուսումնասիրութեան: Նոր ժողովրդավարական Հայաստանը մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ առեւտուրի եւ ներդրումներու համար: Ներկայիս ընթացող կայուն տարրական բարեփոխումներէն զատ, մենք ունինք քանի մը այլ առաւելութիւն եւս»,- ընդգծեց վարչապետը՝ շեշտելով, որ Հայաստանը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ է, որ կ՝ենթադրէ ազատ մուտք 180- միլիոնանոց շուկայ եւ աշխարհի քանի մը երկրի հետ ազատ առեւտուրի պայմանագրերու անխափան ու անխոչընդոտ գործողութիւն:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանը կրնայ առանցքային դերակատարութիւն ունենալ իբրեւ Եւրոմիութեան եւ Եւրասիական միութեան շուկաները կապող տնտեսական կամուրջ: