Յովհաննէս Քաջազնունիի Ծոռնուհին Անդրադարձած է ՀՀ Օրհներգը Փոխելու Գաղափարին

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Յովհաննէս Քաջազնունիի ծոռնուհին՝ Քսենիա Օռլովան, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է.

«Զարմանքով իմացայ, որ ՀՀ հիմնը փոխելու առաջակ եղած է: Այդ հիմնը 100 տարի առաջ` հայ ժողովուրդի համար դժուար ժամանակահատուածի մը ընթացքին, դարձաւ Հայաստանի ազատութեան ու անկախութեան խորհրդանիշը: Անիկա հաստատած էր պապս` ՀՀ առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին:

Այդ հիմնի հնչիւններու ներքոյ՝ ան, 1918 Յուլիս 19-ին, Թիֆլիսէն ժամանած էր Երեւան: Այդ հիմնի ներքոյ մեր նախնիները արեամբ ու տանջանքներով կը ստեղծէին առաջին հանրապետութիւնը, հերոսաբար կը մարտնչէին եւ կը զոհուէին հայ զինուորները: 1937-ին, Յովհաննէս Քաջազնունին ձերբակալուած է այն բանի համար, որ Մայիս 28-ին տօնած է հանրապետութեան անկախութիւնը եւ երգած այդ հիմնը:

Անկասկած, Հայկական ԽՍՀ-ի հիմնը, որ գրած է Արամ Խաչատրեանը, երաժշտական գլուխգործոց է: Սակայն, ինծի կը թուի, որ Հայաստանի ժամանակակից հանրապետութիւնը նոյնինքն այն առաջին Հանրապետութեան հոգեւոր ժառանգորդն է, ո՛չ թէ Հայկական ԽՍՀ-ի:

Հիմնը փոխելու դէմ հանդէս կու գան նաեւ վարչապետ Համազասպ Օհանջանեանի թոռնուհին` Օհանջանեան-Մեհրապեան Ելիզաւէթա Կոնստանտինովնան, եւ առաջին հանրապետութեան այլ գործիչներէն շատերու սերունդները: Այդ  գաղափարը չէ արժանացած նաեւ Սփիւռքի մէջ բնակող մեր շատ հայրենակիցներու աջակցութեան:

Կ՝ուզեմ յոյս ունենալ, որ այդ շատ նուրբ հարցին վերաբերեալ որոշումը կշռադատուած պիտի ըլլայ եւ ոչ հապճեպ»: