«Հայ Մամուլի Տարի». Հայ Մամուլին Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ինչպէս այլ ընկերութիւններու պարագային, նոյնպէս եւ հայ կեանքին մէջ մամուլին դերը աւելի ծաւալած է ու դարձած առանցքային թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Ինչպէս միշտ, այսօր աւելիո՛վ բազմերես է ու բազմանպատակ հայ մամուլին դերը. ահա թէ ինչո՛ւ զայն բնորոշեցինք որպէս առաքելութիւն: Ա՛յս հայեցակէտով կ՛ուզենք մօտենալ հայ մամուլին եւ կը սպասենք, որ նո՛յն այս ինքնահասկացողութեամբ հայ մամուլը մօտենայ ինքնիրեն, ինչպէս նաեւ` մեր ժողովուրդը հայ մամուլին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ հայ մամուլը ներկայ ժամանակներու ու հրամայականներու լոյսին տակ, ինքնաքննութեան ու ինքնարժեւորման գործընթաց մը ճշդէ` համապարփակ մօտեցումով եւ իրապաշտ ու քննական ոգիով, որպէսզի կարենայ առաւել պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ շարունակել իր առաքելութիւնը: Ա՛յս սպասումով ու հեռանկարով կ՛ուզենք կարգ մը երեւոյթներ, մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ մատնանշել.-

1) Հայ մամուլին կոչումը առաջին հերթին տեղեակ պահել է մեր ժողովուրդը ներգաղութային, ներազգային ու միջազգային գլխաւոր լուրերուն ու անցուդարձերուն: Բնականաբար, իր այս պատասխանատուութեան մէջ մամուլը պէտք է ըլլայ իրապաշտ ու անաչառ`           իր էջերուն վրայ հարազատ կերպով ներկայացնելով լուրերը եւ տեղ տալով նախընտրաբար այն լուրերուն, որոնք կենսական են ու այժմէական եւ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն առնչութիւն ունին մեր ժողովուրդին հետ: Հայ մամուլը կանոնաւոր ու գնահատելի կերպով կը շարունակէ իր լրատուական դերը` յարաբերաբար տուեալ օրաթերթի կամ շաբաթաթերթի ծաւալին ու առաջնահերթութեան:

2) Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհը իր տեղեկատուական լայնածիր ցանցերուն ու լրատուամիջոցներու ճամբով վերածուած է, ինչպէս յաճախ կը շեշտուի, փոքր գիւղի մը, ուր ամէն մարդ, եւ կայծակնային արագութեամբ, ամէ՛ն բանէ տեղեակ կը դառնայ: Անհրաժեշտ է, որ հայ մամուլը նո՛յն արագութեամբ քայլ պահէ միջազգային մամուլին հետ, ներգրաւելու համար ընկերային համացանցին մօտէն հետեւող իր ընթերցողը: Սակայն, յաճախ տարօրինակ տեղեկութիւններով լեցուն միջազգային մամուլին նկատմամբ հարկ է ըլլալ չափազանց զգուշաւոր: Հայ մամուլը կոչուած է մեր արժէքներու ու ըմբռնումներու մաղէն անցընելու այն լուրերը, որոնք վնասակար են մեր ազգային ինքնութեան եւ ընդհանրապէս խոտոր կը համեմատին հայ մարդու բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն: Յիշեալ երկու տարածքները իրարմէ հեռացնելը ճիշդ չէ, եւ փաստօրէն` անկարելի: Հայ մամուլին դերը ներդաշնակ ու օգտաշատ հաւասարակշռութիւն ստեղծել է:

3) Հայ մամուլը իր սովորական դերէն անդին պէտք է դառնայ դպրոց` յատկապէս հոն, ուր չկայ հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի լծուած հայ դպրոց, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք պայմաններու պարտադրանքով հեռու մնացած են հայ դպրոցի հայաշունչ մթնոլորտէն: Կանուխ տարիքէն հայ մարդու կազմաւորման փուլերուն վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալու հեռանկարով, անհրաժեշտ է նախաձեռնել եւ զարգացնել մանկապատանեկան մամուլի հրատարակութիւնը: Հայ մամուլը պէտք է նաեւ դառնայ հայ լեզուի, հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, Հայ դատի ուսուցիչ` ընթերցողներուն փոխանցելով հիմնական գիտելիքներ ու տեղեկութիւններ նշեալ մարզերուն շուրջ: Թերթօնի վերադարձը կը նկատենք էական. կարգ մը օրաթերթերու նախաձեռնած «յաւելուած»-ները եւս կրնան նպաստել այս ուղղութեամբ: Յիշեալ նիւթերը այնպիսի ձեւով հարկ է ներկայացուին, որ ըլլան ամփոփ, հասկնալի ու գրաւիչ, որպէսզի ընթերցողը չբաւարարուի միայն թերթին վերնագիրները կարդալով եւ կամ միայն առաջին էջը աչքէ անցընելով:

4) Հայ մամուլը նաեւ դաստիարակիչ դեր ունի: Այսպէ՛ս եղած է հայ մամուլը. այսպէս պէ՛տք է ըլլայ մանաւանդ այսօր, բնականաբար տարբեր մօտեցումներով ու շեշտաւորումներով` երբ ապազգային ու ապաբարոյ առուներ սկսած են հոսիլ հայ կեանքին մէջ: Սակայն, հայ ինքնութեան կազմաւորման ու առողջ պահպանման իր կարեւոր դերին մէջ հայ մամուլը զգուշ պէտք է ըլլայ, որպէսզի չխրտչեցնէ նոր սերունդը` անոր եւ ներկայ ընկերութեան միջեւ բաժանման գիծեր քաշելով: Նման մօտեցում կրնայ նոր սերունդը հեռացնել ո՛չ միայն հայ մամուլէն, այլ նաեւ` հաւաքական հայ կեանքէն: Իր դաստիարակիչ դերին մէջ հայ մամուլը կրնայ հետաքրքրական ու աշխուժ հարթակ դառնալ հայ եւ օտար արժէքներու ու հայեցակէտերու երկխօսութեան ու այդ ճամբով` հայու ինքնութեան առաւե՛լ բիւրեղացման ու հարստացման:

5) Հայ մամուլը, լայն չափով ենթակայ ըլլալով անհատական, կուսակցական կամ պետական ուղեգիծերու, միշտ խուսափած է նոյնիսկ նուազագոյն ինքնաքննադատութեան տեղ տալէ իր սիւնակներէն ներս: Սա բնական երեւոյթ է: Սակայն, ծայրայեղ զգուշաւորութիւնը հայ մամուլը կրնայ առաջնորդել կաղապարուած մօտեցումներու, զմռսուած մտածումներու ու տոկմաթիք կեցուածքներու, որոնք չեն նպաստեր որեւէ բնոյթ կամ նպատակ ունեցող կառոյցի վերանորոգման ու զարգացման եւ ընդհանրապէս ընկերութեան յառաջդիմութեան: Հայ մամուլին դերը աւելի՛ կը հզօրանայ ու իր հմայքը աւելի՛ կը ծաւալի, երբ քաջալեր հանդիսանայ բազմակարծիքութեան, դառնայ խթան հայ քաղաքական մտքի զարգացման, ըլլայ համապարփակ ու հաւասարակշռուած իր մօտեցումներուն ու արժեւորումներուն մէջ, երբ քաջալերէ մեր թերութիւնները սրբագրելու ձգտող շինիչ քննարկումները իր էջերուն վրայ, վերջապէս, երբ դառնայ ժողովուրդին ձայնը ու կամքը արտայայտող վստահելի ու ազդու միջոց:

6) Հայ մամուլը իր էութեամբ ու կոչումով առաքելութիւն ըլլալով, կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ ջատագովը հանդիսանալ մեր ինքնութեան էական տարրերը կազմող` հոգեւոր, բարոյական, ընկերային, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, իտէալներուն ու խորհրդանիշերուն: Այս ուղղութեամբ, յատուկ առիթներով յօդուածներու կամ յօդուածաշարքերու հրատարակութիւնը, մրցանքներու կազմակերպումը եւ այլ նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները կրնան բարերար դեր ունենալ: Մեր կեանքի ներկայ պայմանները այնպիսին են, որ հայ մարդը, մանաւանդ պատանին ու երիտասարդը, մնայուն կերպով հաղորդ է կայքէջերու ճամբով պարզուող ներկայ ընկերութեան յոռի երեւոյթներուն: Հայ մամուլը իր կայքէջին միջոցաւ, հայ մարդուն ունեցած անմիջական կապը ընկերային ցանցին հետ ճի՛շդ կերպով օգտագործելով, կրնայ արթուն պահակը դառնալ մեր արժէքներուն: Այս աշխատանքը հարկ է, որ կազմակերպուի մասնագիտական եւ մանկավարժական յատուկ մօտեցումներով:

7) Հայ մամուլը պէտք է դառնայ հայոց լեզուի պաշտպան: Խորապէս մտահոգ ենք հայ լեզուին նահանջով: Արեւելահայերէնի աղաւաղումը Հայաստանի մէջ` օտար բառերու ու դարձուածքներու լայն գործածութեամբ, եւ արեւմտահայերէնի գործածութեան նուազումը սփիւռքի մէջ, մեր լեզուն արագ ընթացքով կ՛առաջնորդեն դէպի նահանջ: Հայ լեզուի առողջ պահպանման ու պաշտպանութեան մեր հաւաքական ճիգին առաջին ճակատի վրայ կը գտնուի հայ մամուլը: Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է, որ հայ մամուլը նախ խստապահանջ ըլլայ ինքնիրեն նկատմամբ` զգուշ ըլլալով իր էջերուն վրայ յաճախ երեւցող լեզուական թերիներէն:

8) Ցեղասպանութեան, Արցախի եւ ընդհանրապէս ազգային պահանջատիրութեան գծով հետզհետէ ծաւալող ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու պատասխանատուութիւնը ունի հայ մամուլը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ հայ մամուլը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք զօրակցութեամբ եւ եռամիասնական ծրագրուած աշխատանքներով հակազդէ թէ՛ օտար պետական եւ թէ՛ տեղեկատուական օրկաններու ու ցանցերու կողմէ հայկական հարցերու եւ թեմաներու շուրջ կիրարկուող հսկայական ապատեղեկատուական արշաւներուն` միաժամանակ պարզելով պատմական իրողութիւնները եւ պաշտպանելով մեր իրաւունքներն ու կեցուածքները:

9) Մամուլին ստանձնած նշեալ պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր սպասումները իրմէ, զայն կը մղեն հայ կեանքին մէջ ստանձնելու, որոշ իմաստով, առաջնորդողի դեր: Արդարեւ, հայ մամուլը լոկ եղածը կամ տեսնուածը փոխանցողի կրաւորական դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ. սոսկ մեր կեանքի հայելին պէտք չէ դառնայ. այլ` մեր կեանքի թերիները տեսնելու իմաստութիւնն ու արթնութիւնը, եւ զանոնք սրբագրելու քաջութիւնն ու պարտաւորութիւնը պէտք է ունենայ: Եւ աւելի՛ն, սպասելի է, որ հայ մամուլը, նոր սերունդները մեր արժէքներով դաստիարակելով, մեր լեզուին, աւանդութիւններուն ու իտէալներուն պաշտպանը ու ջատագովը դառնալով, յուշարարի, քննադատողի, սրբագրողի եւ ուղղութիւն տուողի անաչառ դերին մէջ ըլլայ` հեռու միաբեւեռ մօտեցումներէ ու մակերեսային դատումներէ:

10) Հայ մամուլին առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ գաղութին, ազգին ու հայրենիքին ամբողջականութեան պահպանումը ու միութեան ամրապնդումը: Երբեմն սակայն, մամուլը, տպագիր թէ համացանցային, կը գործէ իր կոչումին հակադիր ուղղութեամբ, տեղ տալով` անհանդուրժողութիւն սերմանող, լարուածութիւն յառաջացնող, հին վէրքեր գրգռող ու բեւեռացումներ ստեղծող նիւթերու ու մօտեցումներու: Հայ մամուլը պարտաւոր է հեռու մնալ նման վատառողջ մթնոլորտի ստեղծումէ: Այսօր խիստ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ձեւաչափով հայ մամուլը դառնայ լուրջ, իրատես ու համապարփակ քննարկումներու հարթակ` արծարծելով համահայկական օրակարգեր եւ ճշդելով անոնց լուսաբանման եւ վերլուծման հիմնական ուղղութիւնները:

11) Հայ մամուլը հեռու պէտք է մնայ մանաւանդ, այսպէս կոչուած «դեղին մամուլ»-էն: Մեր բարոյական ու ազգային արժէքներուն հետ խոտոր համեմատող լրագրական այս յոռի երեւոյթը, դժբախտաբար, սկսած է տեղ գտնել մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու վրայ գտնուող լրատուամիջոցներու մէջ: Արդարեւ, ընկերային ցանցերու անհակակշիռ ազատութիւնը, կայքէջային մամուլը վերածած է անպատասխանատու արտայայտութիւններու եւ ապատեղեկատուութեան տեղ տուող, ինչպէս նաեւ դէպքեր չարափոխող ու դէմքեր վարկաբեկող կամ վճարումով վարկ ու գնահատանք գնող, բարոյական սկզբունքներէ զուրկ մամուլի: Մամուլի ազատութիւնը, որ ներկայ ընկերութիւնները կառավարող հիմնական սկզբունքներէն մէկն է, հարկ է ճիշդ ըմբռնել ու կիրառել: Սանձարձակ ազատութիւնը անպատասխանատուութեան վերածուելով, կը դառնայ աղբիւր չարիքի: Անհրաժեշտ է, որ հայ մամուլը գործէ ազատ մթնոլորտի մէջ` հեռու ամէն տեսակ ներքին թէ արտաքին կաշկանդումներէ: Սակայն, պատասխանատու ու հաշուետու ազատութիւնը պէտք է ուղեգիծը դառնայ հայ մամուլին:

12) Ինչպէս առաքելութեան կոչուած եկեղեցին ժողովուրդին տանողը եւ անոր արժէքները ու նպատակը կենսագործողը հոգեւորականն է, նոյնպէս ալ մամուլը առաքելութեան վերածողը մամուլի մշակն է` խմբագիր, լրագրող, թղթակից կամ աշխատակից: Առանց իր մշակին նուիրեալ աշխատանքին, մամուլը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը ու կոչումը, իր որակն ու նպատակը: Մամուլի սպասարկուներուն նկատմամբ երբեմն կիրարկուող ապօրէն միջոցառումները` հալածանք, արգելք, բանտարկութիւն ու նոյնիսկ սպանութիւն, խստօրէն դատապարտելի են: Մամուլի մշակը կոչուած է ազատ միջավայրի մէջ եւ բարձրագոյն աստիճան պատասխանատուութեամբ կատարելու իր առաքելութիւնը` ըլլալով հաւատարիմ, արդար, առողջ, թափանցիկ, իրատես, շինիչ իր աշխատանքին մէջ: Անցեալին ունեցած ենք, այսօր եւս ունինք, հայ մամուլի առաքելութեան նուիրուած նման մշակներ:

13) Ներկայ օրերուն հայ մամուլը կը գտնուի լուրջ մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմաց: Տպագիր մամուլին նկատմամբ հետզհետէ աճող անտարբերութիւնը, որ միջազգային երեւոյթ մըն է, նա՛եւ հայ տպագիր մամուլը մատնած է լուրջ դժուարութիւններու: Արդարեւ, տպագիր մամուլին էջերուն նուազումը, անոր բովանդակութեան կրճատումը ու որակի անկումը, օրաթերթերու շաբաթաթերթի վերածումը, ընթերցողներու թիւին նօսրացումը, կարգ մը մամուլի օրկաններու փակումը եւ հետզհետէ զգացուող խմբագիրներու ու լրագրողներու պակասը մտահոգիչ երեւոյթներ են: Այս բոլորին կողքին, հայ մամուլին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները փաստօրէն հայ մամուլին համար ստեղծած են լուրջ տագնապ: Եթէ ուրիշներուն համար մամուլը եկամուտի աղբիւր է ու շահաբեր ձեռնարկ, իր ողջ պատմութեան ընթացքին հայ մամուլը երբեք այդպէս չէ՛ եղած եւ չէ՛ այսօր: Հայ մամուլին առաքելութիւնը վերականգնելու ու առաւել հզօրացնելու համար անհրաժեշտ է զայն դարձնել տնտեսապէս ինքնաբաւ: Տնտեսապէս նեցուկ կանգնիլ հայ մամուլին կը նշանակէ` զարգացած, ատակ ու փորձառու խմբագիրներ ու լրագրողներ ունենալ, որակաւոր բովանդակութեամբ ու մեծաթիւ էջերով մամուլ ունենալ, մեծ թիւով ընթերցողներ ունենալ եւ հայ մամուլի հայակերտ, ազգակերտ ու հայրենակերտ առաքելութիւնը աւելի՛ ծաւալել: Արդարեւ, ներկայ տարին հռչակելով Հայ մամուլի տարի, այլ յիշեցումներու կարգին, նաեւ հայ մամուլը նիւթապէս ինքնաբաւ դարձնելու հրամայականը կ՛ուզենք կարեւորութեամբ յանձնել մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան:

Այս առիթով մեր աղօթքներուն մէջ կը յիշենք անցեալի այն բոլոր խմբագրապետները, խմբագիրները, լրագրողները ու ընդհանրապէս մամուլի մշակները, որոնք իրենց ամուր հաւատքով ու նուիրեալ աշխատանքով հայ մամուլին առաքելութիւնը պատասխանատուութեամբ կենսագործեցին նոյնիսկ մեր կեանքին ամէնէն մռայլ պայմաններուն մէջ: Բի՜ւր յարգա՛նք անոնց:

Հայրապետական մեր օրհնութիւնը ու բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մամուլի բոլոր սպասաւորներուն, որոնք, հակառակ բազմազան ու այլազան դժուարութիւններուն, հաւատարմօրէն կառչած կը մնան իրենց կոչումին: Բի՜ւր պատի՛ւ իրենց:

Ներկայ տարին Հայ մամուլի տարի հռչակելով` կոչ կ՛ուղղենք.-

– Մեր թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն, մեր քոյր կազմակերպութիւններուն ու հայ մամուլի օրկաններուն` հանդիսութիւններու, սեմինարներու, համագումարներու, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կամ հրատարակութիւններու ճամբով, լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին եզակի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

– Հայաստանի մէջ պետական, իսկ սփիւռքի մէջ համայնքային պատասխանատուներուն, գործնական միջոցներով նեցուկ կանգնելու հայ մամուլին` շեշտելով անոր վիճակուած բազմակողմանի դերը:

– Մեր ունեւոր ազգայիններուն, հայ մամուլին տրուած պատահական նուիրատուութիւններէն անդին, յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու` հայ մամուլին արդիականացման եւ ընդհանրապէս վերակազմակերպման սատարող ծրագիրներու իրագործման:

– Խմբագիրներու ու լրագրողներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու, յատկապէս սփիւռքի մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է նման նախաձեռնութեան դիմելու` գործակցութեամբ հայ մամուլի պատասխանատուներուն:

– Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, հեռու մնալու կայքէջերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ, բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան:

Մեր ջերմ մաղթանքն է, որ հայ մամուլը վերանորոգ նախանձախնդրութեամբ ու նուիրումով շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Հայրական օրհնութեամբ ու սիրով,

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար 2019
Անթիլիաս, Լիբանան

(Շար. 2 եւ վերջ)