Նիկոլ Փաշինեան Զիւրիխի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած է Խումբ մը Գործարարներու Հետ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աշխատանքային այցով Զուիցարիա գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Զիւրիխի մէջ հանդիպումներ ունեցած է խումբ մը գործարարներու հետ։ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ կողմերը քննարկած են Հայաստանի մէջ տարբեր ներդրումային ծրագիրերու իրականացման հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները:

Մասնաւորապէս, վարչապետը Զուիցերիա-Հայաստան առեւտուրի պալատի նախագահ Մայք Պարոնեանի հետ քննարկած է դեղագործութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի մէջ իրականացուող ներդրումային ծրագիրի ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Մայք Պարոնեան նշած է, որ այժմ երեւանեան ընկերութիւնը կը զբաղի հումքի վերամշակումով, եւ իրենց նպատակն է Հայաստանի մէջ կազմակերպել նաեւ դեղերու արտադրութիւն ու իրականացնել արտահանում: Կը նախատեսուի յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին ներդնել մէկ տասնեակէն աւելի միլիոն տոլար` ստեղծելով բարձր աշխատավարձով նոր աշխատատեղեր: Մայք Պարոնեան վարչապետին ներկայացուցած է նաեւ նորագոյն արհեստագիտութիւններու միջոցով ուժանիւթի արտադրութեան եւ պղինձի վերամշակման առնչուող ներդրումային այլ ծրագիրներ:

Զուիցերիացի գործարար Հանս Շուէյգարտ՝ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարին ներկայացուցած է արեւային ուժանիւթի արտադրութեան խոշոր ներդրումային ծրագիր: Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է պարոն Շուէյգարտի նախաձեռնութիւնը եւ ներկայացուցած ուժանիւթի ոլորտին մէջ կառավարութեան յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութիւնն ու այդ բնագաւառի զարգացման հեռանկարները: Նիկոլ Փաշինեան առաջարկած է գործարարին ծրագիրը կեանքի կոչելու հետ կապուած հարցերը քննարկել Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան հետ` անիկա արդիւնաւէտ իրականացնելու նպատակով:

Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է նաեւ «Ֆրանք Միւլլեր» ընկերութեան նախագահ, զուիցերիահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Վարդան Սրմաքեշի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են գիւղատնտեսութեան, սնունդի արդիւնաբերութեան, շինարարութեան, դրամատնային համակարգի, ոսկեգործութեան, ժամագործութեան եւ մասնագիտական կրթութեան ոլորտներուն մէջ շարք մը ներդրումային ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր: Վարչապետը կարեւոր համարած է ներկայացուած ծրագիրներու իրականացումը մեր երկրէն ներս եւ յայտնած կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` առկայ գործիքակազմերու ծիրէն ներս օժանդակելու անոնց կեանքի կոչման: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղուած քայլերը եւ շահագրգռուած է Հայաստանի մէջ նոր ներդրումներու իրականացմամբ եւ աշխատատեղերու ստեղծումով:

Նիկոլ Փաշինեան Վարդան Սրմաքեշի հետ քննարկած է նաեւ «Հին Երեւան» ծրագիրի իրականացման վերաբերող հարցեր: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան սկզբունքի կարեւորութիւնը եւ այդ շէնքերուն հանդէպ առաւելագոյն խնամք ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: