Մարիա Գէորգեան՝ Ճատրակի Հայաստանի Ախոյեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Ճատրակի Հայաստանի կանանց առաջնութեան նոր ախոյեանը Մարիա Գէորգեանն է:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ 8 հնարաւորէն հաւաքելով 7 միաւոր՝ Մարիա Գէորգեան երկրորդ անգամ դարձաւ Հայաստանի ախոյեան:

Մրցաշարի վերջին խաղին յաղթանակներ տօնեցին Մարիամ Աւետիսեան, Սիրանոյշ Ղուկասեան եւ Սուսաննայ Գաբոյեան:

Երկրորդ եւ երրորդ տեղերը՝ 6-ական միաւորով՝ կիսեցին Սիրանոյշ Ղուկասեանը եւ Սուսաննա Գաբոյեանը: 5,5 միաւոր հաւաքեց Մարիամ Աւետիսեան: