Բրիտանիա Վաւերացուցած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Աշխարհ, Հայաստան

Բրիտանիա Յունուար 18-ին վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորթ:

«Ուրախութեամբ կը յայտարարեմ, որ Բրիտանիա վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը»,-գրած է դեսպանը «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ:

ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսելի մէջ 2017-ի Նոյեմբեր 24-ին: Զայն վաւերացուցած են 10 պետութիւն` Հայաստան, Պուլկարիա, Դանիա, Էսթոնիա, Անգլիա, Լիթվա, Լաթվիա, Լիւքսեմպուրկ, Մալթա, Լեհաստան: