Սուրիոյ Նախագահի Ցանկութիւնն է, որ Ինչպէս Բոլոր Սուրիացիները, Այնպէս ալ Հայ Համայնքի Անդամները, Վերադառնան Սուրիա. Ժիրայր Ռէյիսեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Ժիրայր Ռէյիսեանի խօսքով՝ սուրիահայերը արդէն աստիճանաբար կը վերադառնան իրենց բնակավայրեր: Ըստ Tert․am-ի՝ Ռէյիսեան նկատած է, որ վիճակագրութիւն չկայ եւ թուային պատկեր չի կրնար ներկայացնել:

 

«Վերադարձողները տեղեակ չեն պահեր իրենց վերադարձին մասին: Պարբերաբար պարզապէս կը լսենք այս կամ այն ընտանիքի վերադարձին մասին: Բայց պաշտօնական վիճակագրութիւն չկայ, թէ ով վերադարձաւ, ով՝ չվերադարձաւ»,- ըսած է ան:

 

Ժիրայր Ռէիսեանի խօսքով՝ Սուրիոյ իշխանութիւնները միշտ ալ դրական  վերաբերած են հայ համայնքին: Ան նկատած է, որ միշտ ալ այնտեղ եղած է հայերու նկատմամբ մեծ յարգանք: «Հետեւաբար հայերու ներկայութիւնը կ՝ապահովէ պետութեան ամբողջութիւնը, պետութիւնն ալ չի փափաքիր այդ մոզայիքը խաթարել: Սուրիոյ յարգարժան նախագահը միշտ ալ արտայայտած է իր յարգանքը հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Ես գոնէ, երկու տարի առաջ, իրմէ անձամբ լսած եմ, որ նախանձախնդիր է, որ այդ մոզայիքը չխախտի: Անոր ցանկութիւնն է, որ ինչպէս բոլոր սուրիացիները, որոնք դժուար պայմաններու հետեւանքով դուրս եկած են Սուրիայէն, այնպէս ալ հայ համայնքի անդամները, վերադառնան Սուրիա»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ նախագահը միշտ ալ ըսած է, որ եթէ կարիք կայ համայնքին որեւէ  հարցով օգնելու, իր հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ պիտի օգնէ:

 

Իսկ թէ արդեօք կա՞յ անհանգստութիւն, ամերիկեան զօրքերու դուրսբերման հետեւանքով Սուրիոյ հիւսիս Թուրքիոյ հնարաւոր ներխուժման հետ կապուած, Ժիրայր Ռէյիսեան նշած է, որ իրենք՝ իբրեւ Սուրիոյ քաղաքացիներ, ունին սկզբունք մը․ ոչ միայն օտար խմբաւորումները, ապօրինի ներկայութիւն ունեցող ուժերը պէտք է դուրս ելլեն Սուրիայէն: «Անոնց դուրս ելլելէն ետք՝ պետութեան խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը տիրեն երկրին մէջ: Բայց այնքան ժամանակ, քանի դեռ այդ ուժերը կան երկրին մէջ, իրավիճակը կայուն չ՝ըլլար»,- ըսած է ան:

 

Հալէպի մէջ, հիմա, ըստ սուրիահայ պատգամաւորին, կեանքը բնականոն յունի մէջ է: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կը վերականգնուի՞ն հայկական թաղամասերը, ան պատասխանած է․ «Ես չեմ ուզեր առանձնացնել հայկական թաղամասերը․ քաղաքը ընդհանուր վերականգնման գործընթացի մէջ է: Արդէն բազմաթիւ շէնքեր վերականգնուած են»,- ըսած է ան։

 

Ժիրայր Ռէյիսեանի խօսքով՝ այսօր պատերազմի մէջ ներգրաւուած միջազգային բոլոր դերակատարներն ալ հասկցած են, որ պատերազմի աւարտը ի շահ Սուրիոյ օրինական իշխանութիւններուն պիտի ըլլայ:

 

Խօսելով այն հարցին մասին, թէ հայ համայնքը ինչպէ՞ս կը վերաբերի Հայաստանի իշխանութիւններու նախաձեռնութեան՝ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեամբ Հալէպի մէջ քաղաքապահ զօրքեր տեղակայուելուն՝ Ժիրայր Ռէյիսեան նշած է,- «Սուրիահայը սուրիոյ ժողովուրդին մէկ անբաժանելի մասնիկն է, ոչ տարբեր այլ խմբաւորումներէ։ Հետեւաբար, եթէ միջպետական համաձայնութիւններով Հայաստանի քայլը ողջունելի ըլլայ Սուրիոյ համար, ողջունելի պիտի ըլլայ նաեւ մեզի համար: Բայց մեզի համար ապահովութեան, կայունութեան առաջին  երաշխիքը սուրիական բանակն է, սուրիական պետութիւնը: Սուրիոյ մէջ հայութեան հետ յարաբերութիւնները բարեկամութեան, եղբայրութեան հասնող են, եւ հաւանաբար հայութեան ներկայութիւնը բնական ձեւով ընդունուի»: