Արսէն Քհնյ. Գասապեան Նշանակուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ

Սփիւռք

ՄիացեալՆահանգներու արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով եւ Խառն ժողովի որոշումով, Արսէն քհնյ. Գասապեան նշանակուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Արսէն քահանան Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի առաքելութիւնը ստանձնեց Կիրակի, Յունուար 13-ին։ Նշենք, որ ան առաւել քան հինգ տարի՝ Նոյեմբեր 2013-էն մինչեւ Օգոստոս 2018, հոգեւոր հովիւն էր Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։

Յունուար 13-ին, Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ Ս. պատարագին հանդիսապետեց առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, որ ժողովականութեան ու ծխական համայնքին ներկայացուց նոր հոգեւոր հովիւը։