Նախարար Կիտանեան Դեսպան Աթաբէկեանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Հայկական Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Աշխարհ, Հայաստան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Յունուար 14-ին, նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային առումով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Ապա դեսպան Աթաբէկեան նախարար Կիտանեանին ներկայացուց Լիբանանի մէջ իր որդեգրելիք գործելաոճը` զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու իմաստով:

Ընդարձակ քննարկում կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներուն մասին` լիբանանեան-հայկական հեզասահ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ:

Շեշտը դրուեցաւ զբօսաշրջական մարզին մէջ գործակցութեան բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելու եւ երկուստեք արդիւնաւէտ աշխատանք ծաւալելու անհրաժեշտութեան վրայ: