Մոսկուայի Քաղաքային Իշխանութիւնը Հայ Կաթողիկէ Համայնքին Հողատարածք Տրամադրած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Մոսկուայի քաղաքային իշխանութիւնը հայ կաթողիկէ համայնքին հողատարածք տրամադրած է՝ եկեղեցի կառուցելու համար:

 

Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանէն՝ փաստելով, որ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդ արհ. Տ. Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի՝ Յունուար 11-ին Ռուսիա կատարած հովուական այցէն ետք՝ Մոսկուայի քաղաքային իշխանութիւնները հրապարակած են տեղեկատւութիւն, ըստ որուն քաղաքապետարանի քաղաքաշինական-հողային հարցերու յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է հայ կաթողիկէ համայնքին յանձնելու հողատարածք՝ եկեղեցիի կառուցման համար:

Հողատարածքը Մոսկուայի Հարաւային Բուտով շրջանին մէջ է եւ կը կազմէ 0,7 հա: Յանձնաժողովի քարտուղար Անասթասիա Փէոդուա ըսած է. «0,7 հա հողատարածքը կը տրամադրուի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ժողովրդապետութեան՝ 9 տարի անհատոյց օգտագործման իրաւունքով՝ եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր-մշակութային կեդրոնի նախագծման եւ կառուցման համար»:

 

Եկեղեցւոյ ընդհանուր մակերեսը կրնայ կազմել մինչեւ 1000 քմ, իսկ հոգեւոր կեդրոնը՝ մօտ 850 քմ: Նոր կառուցուելիք եկեղեցին պիտի ըլլայ Մոսկուայի առաջին հայ կաթողիկէ եկեղեցին ողջ պատմութեան ընթացքին: Ըստ պաշտօնական տուեալներուն՝ Մոսկուայի մէջ այժմ կ՝ապրի մօտ 500 հայ կաթոլիկ ընտանիք, իսկ ամբողջ Ռուսիոյ մէջ՝ հայ կաթոլիկներուն թիւը մօտ 100,000 է: