Լիբանանի «Ֆայհա» Երգչախումբի Յատկանշական Եւ Արժէքաւոր Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս

Աշխարհ, Սփիւռք

Ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է տեսնել իրականացումը պատմական ու կարեւոր ծրագիրի մը, որուն մէջ ներգրաւուած են կարեւոր ու վաստակաշատ անձնաւորութիւններ, իսկ անոր մէջ մեծ ու հիմնական դերակատարութիւն ունին հայեր, որոնք իրենց աշխատանքով պատիւ կը բերեն ո՛չ միայն Լիբանանին, այլեւ յատկապէս հայութեան:

Նման ծրագիրի մը պսակադրումը տեղի ունեցաւ Յունուար 11-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, իր կարգին պատմական արժէք ներկայացնող «Պէյթ Պէյրութ» թանգարանին մէջ,  ուր կատարուեցաւ շնորհահանդէսը «Սաութ» կոչուող ձայնասկաւառակին` բաղկացած 11 երգերէ, որոնք յատուկ այս ծրագիրին համար յօրինուած են նշանաւոր երգահան, արուեստագէտ Մարսել Խալիֆէի կողմէ, զանոնք մեկնաբանած են Ումայմա Խալիլն ու «Ֆայհա» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Պարգեւ Թասլաքեանի, իսկ բոլոր երգերուն դաշնաւորումը կը պատկանի Էդուարդ Թորիկեանին: Երգերուն հեղինակներն են Նիզար Քապպանի, Մոհամետ Տարուիշ, Թալալ Հայտար, Մանսուր Ռահպանի, Ժոզեֆ Հարպ, Մարուան Մախխուլ, Զահի Ուըհպի, Էլիաս Լահուտ, Ապիտօ Պաշա, Պութրոս Ռուհանա եւ այլն: Յատկանշական է նաեւ, որ երկու տարուան աշխատանքին արգասիքը մասնագիտական կերպով ձայնագրելու համար Հայաստանէն հրաւիրուած է ձայնի ճարտարագէտ, երաժիշտ Տիգրան Իշխանովը, որ Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ձայնագրողն է:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ մեծ թիւով լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, դերասաններու, արուեստագէտներու, երաժիշտներու եւ լիբանանեան մշակութային կեանքին հետ առնչուողներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած այս շնորհահանդէսը վարեց լրագրող Իմատ Տապպուր, Ումայմա Խալիլն ու «Ֆայհա» երգչախումբը մեկնաբանեցին ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած կարգ մը երգեր:

Մէջընդմէջ արտասանուեցան ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքեր:

Մարսել Խալիֆէ գոհունակութիւն յայտնեց այս գործակցութեան համար, դրուատեց Ումայմա Խալիլի ձայնային եւ մեկնաբանական կարողութիւնները: Ան ըսաւ, որ երբ խմբավար Պարգեւ Թասլաքեան Այնճարէն Թրիփոլի գնաց, շրջանը տակաւին պատերազմական վիճակի մէջ էր, դատարկութիւնը տիրական էր, իսկ ան կրցաւ իր շուրջ համախմբել երիտասարդներ, որոնք երաժշտական ոչ մէկ կրթութիւն ունէին, երբեմն նոյնիսկ ծանօթ չէին երաժշտութեան, սակայն Պարգեւ Թասլաքեանի համբերատար աշխատանքով, հետեւողականութեամբ «Ֆայհա» երգչախումբը անուն դարձաւ լիբանանեան իրականութեան մէջ: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, յատկապէս երգչախումբին, որ երաժշտութիւնը տարբեր մակարդակի բարձրացուց:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ լրագրող, բանաստեղծ Զահի Ուըհպի, որ ըսաւ, թէ մեկնաբանուած երգերը զօրութիւնը ունին ներկաները այլ մոլորակ փոխադրելու, կախարդելու, սփռելու սէր, բարիք, բարեբերութիւն, գեղեցկութիւն, վեհ ու անխառն զգացումներ: Ըստ անոր, Ումայմա Խալիլի ձայնը մարդը կը տանի երկնային աշխարհներ, անոր էութեան մէջ կը թափանցէ եւ անպայման ցնցում կը պատճառէ: Զ. Ուըհպի նաեւ դրուատեց Պարգեւ Թասլաքեանի ջանքերն ու նուաճումները` իր խումբին հետ, ինչպէս նաեւ Էդուարդ Թորիկեանի մասնագիտական գործունէութիւնը` հաստատելով, որ նման աշխատանքով երաժշտական կեանքին մէջ մնայուն արժէքներ կը ստեղծուին, թէեւ գնայունները աւելի մեծ թիւ կը կազմեն: Անոր համաձայն, լիբանանեան իրականութեան մէջ այսօր ծարաւ կայ նման բարձրորակ երգերու, որոնք կը թափանցեն մարդուն խորերը, կը ներկայացնեն վեհը, մարդկային արժանիքները, կը դպչին անոր սրտին, մտքին ու խիղճին:

Պարգեւ Թասլաքեան յատկանշական օր նկատեց ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսի օրը: Ան դիտել տուաւ, որ մարդուն մօտ տաղանդը առանձինն բաւարար չէ յաջողութեան, այլ անիկա պէտք է մշակուի, աշխատանք տարուի զայն բարձր մակարդակի հասցնելու, թէեւ ոչ մէկ պարագայի կատարելութիւն կայ: Պ. Թասլաքեանի համաձայն, բախտը շատ մեծ դեր խաղացած է իր կեանքին մէջ, որովհետեւ զինք դէմ յանդիման դրած է նշանաւոր արուեստագէտ ու յօրինող Մարսել Խալիֆէի հետ, որուն երաժշտութեան ու երգերուն ճամբով ինք սիրած է արաբական երաժշտութիւնը, առիթ տուած է գործելու կախարդական ձայն ունեցող Ումայմա Խալիլի հետ, ինչպէս նաեւ ունենալու հետեւողական աշխատանքին հաւատացող տղոցմէ եւ աղջիկներէ բաղկացած խումբ մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարսել Խալիֆէին` անոր վստահութեան համար, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ իր ստեղծագործութիւններու իրականացումը կ՛ապաւինի ուրիշի, այս պարագային` Պարգեւ Թասլաքեանին եւ «Ֆայհա» խումբին: Պարգեւ Թասլաքեան նաեւ երախտագիտութեամբ խօսեցաւ Էդուարդ Թորիկեանի մասին, որ դժուար գործ մը գլխու հանած էր ու դրած խումբին տրամադրութեան տակ: Խօսքը «Ֆայհա»-ի անդամներուն ուղղելով` խմբավարը ըսաւ, որ ուրախութիւն է անոնց հետ աշխատիլը, յաջողիլը, նոր փորձառութիւններ ապրիլը` նշելով, որ այս «երաժշտական հիւանդութիւնը» վարակիչ դարձած է եւ տարածուած լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, ուր ստեղծուած են մասնաճիւղեր:

Իր փորձառութեան մասին խօսեցաւ նաեւ Էդուարդ Թորիկեան, որ ըսաւ, թէ արաբական երաժշտութիւնը բաւական բազմաձայն է, ուստի դիւրին չէ ձայնային բաժանումներ կատարելը, բայց եւ այնպէս ինք փորձառութեամբ յաջողած է գտնել լուծում մը, որուն շնորհիւ «Ֆայհա»-ի երգերուն դաշնաւորումը կը կատարուի: Ան ըսաւ, թէ երգը կ՛ընկալէ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, անկէ ետք է, որ կը բաժնէ` ձայնի յատկութիւններուն համաձայն: Էդուարդ Թորիկեան ըսաւ, թէ բազմաթիւ աշխատանքներ տարած է, սակայն այս ձայնասկաւառակը տարբեր ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ հոն կայ իսկական մաքուր երաժշտութիւն, չկան վաճառականական մօտեցումներ:

Աւարտին Պարգեւ Թասլաքեան, Մարսել Խալիֆէ, Ումայմա Խալիլ եւ Էդուարդ Թորիկեան մակագրեցին ձայնասկաւառակները: