ՀՀ Նախագահը Մատնանշեց Նոր Խորհրդարանի եւ Պետական Մարմիններու Առջեւ Ծառացած Առաջնահերթ Խնդիրները

Հայաստան

7-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւորներու յաջողութիւնը մեծապէս կապուած է ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացիի աջակցութենէն: Այս մասին, Յունուար 14-ին, ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին ընթացքին յայտնեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

 

«Պատմութիւն դարձած 2018-ը մեծ փոփոխութիւններու, փորձութիւններու, սպասումներու եւ յոյսերու տարի էր: Մեր ժողովուրդի լաւագոյն յատկանիշներուն՝ միասնականութեան, համախմբուածութեան, բարձր բարոյական եւ քաղաքական, քաղաքական հոգիի բազմաթիւ դրսեւորումներու տարի էր: Դեկտեմբեր 9-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնք ճանչցուած են մասնակցած բոլոր քաղաքական ուժերու եւ միջազգային դիտորդներու կողմէն, բարձր օրինականութեամբ օժտած են ներկայ Ազգային ժողովը: Նոր Ազգային ժողովի եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումով կ՝աւարտի քաղաքական փոփոխութիւններու առաջին փուլը: Կը սկսի յաջորդ՝ յոյսերու եւ խոստումներու արդարացման, հետեւողական, յամառ եւ ամենօրեայ աշխատանքի փուլը: Դուք ստացած էք լայն հնարաւորութիւններ՝ կեանքի կոչելու թաւշեայ յեղափոխութեան գաղափարները եւ արդարացնելու հասարակութեան սպասելիքները՝ կերտելու նոր Հայաստան: Ձեր գործունէութեան յաջողութիւնը մեծապէս կապուած պիտի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիի աջակցութենէն, եւ անոր մասնակցութենէն հասարակական, քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ մշակութային կեանքին»,- ըսաւ նախագահը:

 

Արմէն Սարգսեան՝ իր ելոյթին մէջ՝ մատնանշեց այն առաջնահերթ խնդիրները, որոնք ծառացած են Ազգային ժողովի եւ պետական մարմիններու առջեւ:

«Սահմանադրութեան առաջին յօդուածը կը հռչակէ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, հասարակական եւ իրաւական պետութիւն: Այդ դրոյթը ոչ թէ փաստի արձանագրում է, այլ պետութեան համար կարեւորագոյն սկզբունք, նպատակ: Նպատակ, որ երբեք կարելի չէ համարել լիարժէքօրէն իրականացած: Նպատակ, որուն պէտք է ձգտիլ մշտապէս կատարելագործելով ու անցնելով երկար ճանապարհ: Այսպիսով՝ նոր Հայաստան կառուցելու համար դեռ բազում եւ լուրջ բարեփոխումներ պէտք է իրականացուին բոլոր բնագաւառներու մէջ: Առաջնային հարց կը մնայ ՀՀ-ի մէջ բնակող իւրաքանչիւր անձի բարեկեցիկ եւ արժանավայել կեանքի երաշխաւորումը: Ներկայիս թէ՛ իրաւական հարթութեան վրայ, թէ՛ գործնականօրէն այդ իրաւունքներուն բաւարար կարեւորութիւն տրուած չէ: Նոր Հայաստանի մէջ մարդու տնտեսական, հասարակական, մշակութային, կրթական իրաւունքներն ու ազատութիւնները պէտք է հանդիսանան մարդու արժանապատւութեան բաղկացուցիչ կարեւորագոյն մասը: Այդ իսկ ընկալումը պէտք է ինկած ըլլայ իրաւական ակտերու եւ պետական մարմիններու գործողութիւններու հիմքին»,- նշեց Արմէն Սարգսեան:

 

ՀՀ նախագահը նոր Ազգային ժողովին մաղթեց արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր աշխատանք: