Ստեփանակերտի Մէջ «Լոյսերու Քաղաք» Բացուած է (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան

Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին, մայրաքաղաքի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի համատեղ նախաձեռնութեամբ եւ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Դեկտեմբեր 25-ի տեղի ունեցած է «Լոյսերու քաղաք»-ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ անիկա պիտի գործէ մինչեւ Դեկտեմբեր 30:

«Լոյսերու քաղաք»-ին մէջ տեղադրուած է 7 տնակ, ուր կը վաճառուին ամանորեայ նուէրներ, ձեռային աշխատանքներ, յուշանուէրներ եւ քաղցրեղէն:

Ձեռնարկին երգ ու պարով հանդէս եկած են ԱՀ մշակութային կեդրոններու անդամները:

Արցախի բարբառով իր օրհնանքի խօսքը յղած է Այեան:

Իսկ Շուշիի Մկրտիչ Խանդամիրեանի անուան պետական թատրոնը հանդէս եկած է «Երեք խոզուկները» տիկնիկային ներկայացումով:

Ներկաները շնորհաւորած եւ բարեմաղթանքներ յղած է կաղանդ պապան, որմէ ետք ցուցադրած են ամանորեայխորհրդանիշ «Կենաց ծառ»-ը:

ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ նման ձեռնարկներով իրենք կը փորձեն մշակութային ձեռնարկները ապակեդրոնացնել, որն ալ կառոյցի որդեգրած քաղաքականութեան հենքն է: Ապակեդրոնացումը նաեւ մշակութային քաղաքականութեան ուղենիշ է:

«Նախորդ տարուան «Կաղանդաւան»-էն փորձած ենք «Լոյսերու քաղաք»-ին մէջ  որոշակի փոփոխութիւններ մտցնել, որ աւելի հետաքրքրական ըլլայ հասարակութեան համար:

Արցախի մշակութային պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնները (ՊՈԱԿ), իրենց ներկայացուցած ծրագիրներով կը փորձեն նոր շունչ հաղորդել քաղաքի մշակութային կեանքին»,-ըսած է Լ. Յովհաննիսեան եւ աւելցուցած, որ ամէն օր «Լոյսերու քաղաք»-ին մէջ պիտի կազմակերպուի անվճար աւանդական ուտեստներու հիւրասիրութիւն: