Կեդրոնական Դրամատունը Կ՝ապահովէ Գիներու եւ Ելեւմտական Կայունութիւնը. ԿԴ-ի Մէջ Տարեմուտի Ընդունելութիւն Կայացած է (տեսանիւթ)

Հայաստան

ՀՀ կեդրոնական դրամատունը՝ Սահմանադրութեամբ տրուած լիազօրութիւններու ներքոյ՝ արդիւնաւէտօրէն կ՝ապահովէ գիներու եւ ելեւմտական կայունութիւնը։ Այս մասին ՀՀ Կեդրոնական դրամատան մէջ, Դեկտեմբեր 25-ին կայացած տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին նշած է ՀՀ ԿԴ նախագահ Արթուր Ջաւադեան։ Ընդունելութեան մասնակցած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան։

ԿԴ հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ Արթուր Ջաւադեան իր ելոյթին ընթացքին մասնաւորապէս նշած է.

«Մեծարգոյ վարչապետ, յարգելի հիւրեր, գործընկերներ,

Կ՝ողջունեմ ձեզ Կեդրոնական դրամատան յարկին տակ՝ տօնական այս հանդիսութեան:

Աւարտին կը մօտենայ 2018-ը, եւ արդէն կրնանք ներկայացնել անցնող տարուան ընթացքին Կեդրոնական դրամատան հիմնական նպատակներուն՝ գիներու եւ ելեւմտական կայունութեան ապահովման նախնական պատկերը:

Կեդրոնական դրամատնունը 2018-ի ամբողջ ընթացքին վարած է ընդլայնողական դրամավարկային քաղաքականութիւն՝ համաշխարհային տոկոսադրոյքներու բարձրացման հենքին անփոփոխ ձգելով վերաֆինանսաւորման տոկոսադրոյքը: Մեր գնահատականներով՝ տարին կ’աւարտենք նպատակային ցուցանիշէն քիչ մը ցած գնաճով, որ շատ կարեւոր է գնաճային սպասումներու խարսխման, նաեւ՝ բնակչութեան եկամուտներու գնողունակութեան պահպանման առումով:

2018 թուականին, գիներու կայունութեան հիմնական նպատակին զուգահեռ, ելեւմտական կայունութիւնը եւս դարձաւ Կեդրոնական դրամատան հիմնական նպատակ: Ասիկա ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հրամայականն է, եւ Կեդրոնական դրամատունը՝ Սահմանադրութեամբ տրուած լիազօրութիւններու ներքոյ՝ արդիւնաւէտօրէն կ՝ապահովէ գիներու եւ ելեւմտական կայունութիւնը:

Այս միջավայրն է, որ հնարաւորութիւն տուած է ելեւմտական համակարգին 2018-ի ներքաղաքական իրադարձութիւններու պայմաններուն մէջ ցուցաբերելու ճկունութիւն եւ ապահովելու կայուն զարգացման միտումներ: Համակարգի խոշորագոյն մասնակից դրամատուները ապահոված են վարկերու եւ աւանդներու էական աճ: Վարկաւորման աճի քայլերը բարձր եղած են ինչպէս սպառողական ու հիփոթեքային, այնպէս եւ արդիւնաբերութեան ու շինարարութեան ոլորտներուն մէջ: Դրամատնային համակարգը բաւարար իրացուելի է, շահագործուած եւ ունակ սպասարկելու տնտեսութեան երկարաժամկէտ հեռանկարով: Ելեւմտական համակարգի միւս մասնակիցները եւս տարին կ’ամփոփեն հիմնական ցուցանիշներու աճերով:

Անցնող տարիներուն մենք բախած ենք բազմապիսի մարտահրաւէրներու, որոնք շատ տարբեր էին իրարմէ՝ համաշխարհային, տարածաշրջանային, ներքին: Տարբեր էին նաեւ հասարակութեան եւ տնտեսվարողներու ընկալումներն ու արձագանգը:

Եւ այս տարիներուն ընթացքին՝ բարդ իրավիճակներու մէջ՝ Կեդրոնական դրամատունը ցուցաբերած է կարգաւորման առաւելագոյն ջանքերը, որոնք շատ յաճախ անտեսանելի են հասարակութեան համար: Բայց տեսանելի է արդիւնքը՝ փոքր տնտեսական կայունութիւնը եւ կայուն զարգացող ելեւմտական համակարգը:

Ամփոփելով, կ՝ուզեմ արժանին մատուցել մեր ելեւմտական հաստատութիւններու եւ Կեդրոնական դրամատան աշխատակիցներուն՝ ներդրած ջանքերուն եւ մասնագէտ աշխատանքի համար:

Մեծարգոյ վարչապետ, յարգելի գործընկերներ, հիւրեր:

Կը շնորհաւորեմ բոլորը գալիք Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առիթով: Թող գալիք տարին ըլլայ խաղաղութեան, սիրոյ ու ձեռքբերումներու տարի»: