Տօնական Մթնոլորտով Ախալցխայի Մէջ Վառեցան Քաղաքի Գլխաւոր Տօնածառին Լոյսերը (լուսանկարներ)

Սփիւռք
Ախալցխայի մէջ, Դեկտեմբեր 25-ի երեկոյեան, տօնական մթնոլորտի մէջ վառեցան քաղաքի գլխաւոր տօնածառին լոյսերը: Akhaltskha.net-ի տեղեկութիւններով՝ հանդիսութիւնը մեկնարկեց ժամը 19:00-ին: Ախալցխայի կեդրոնական այգիին մէջ, քաղաքի գլխաւոր տօնածառին մօտ, փոքրիկներուն համար տեղի ունեցաւ համերգային ծրագիր, որ աւարտեցաւ հրավառութեամբ:

Այս տարի Ախալցխայի քաղաքապետարանը բաւական մեծ միջոցներ ներդրած է քաղաքի ամանորեայ լուսաւորութեան համար, որ գեղեցիկ տօնական մթնոլորտ ստեղծած է քաղաքի տարբեր փողոցներու մէջ: