Գուգարաց Թեմի «Ձեռք Մեկնիր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Ծիրէն Ներս Եւս Երկու Ընտանիք Բնակարան Ստացաւ

Հայաստան, Սփիւռք

Վանաձոր քաղաքի մէջ, օրհնութեամբ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի թեմակալ առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի, «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական նախաձեռնութեան ծիրէն ներս՝ օրերս շահառուներուն յանձնուած են 24 եւ 25-րդ բնակարանները:

Գուգարաց թեմի դիւանին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջ՝ պոլսահայ լոսանճելըսաբնակ Կարօ եւ Աղաւնի Գուրեաններու կողմէ՝ Վանաձորի մէջ գնուած է բնակարան եւ իբրեւ նուէր յատկացուած Վանաձորի Ս. Փեթերզպուրկ տնակային աւանի 5/1-7-20 տնակին մէջ բնակող 7 հոգիէ բաղկացած Ասլիկեաններու ընտանիքին:

Սրբազան հօր նախաձեռնութեամբ եւ պոլսահայ բարերար Օննիկ Նալպանտ-Քազարի ֆինանսաւորումով՝ Արդուի համայնքին մէջ գնուած է 25-րդ առանձնատունը՝ 10 հոգիէ բաղկացած Գասպարեան ընտանիքին համար:

Արդուի գիւղի կիսաքանդ տան փոքրիկ առանձնասենեակը, ուր տարիներ շարունակ կ՝ապրէր Գասպարեան ընտանիքը, անբարենպաստ էր բազմանդամ ընտանիքի կենցաղային պահանջները բաւարարելու համար:

Գնուած է տան կից հատուածը՝ ընտանիքին ընձեռելով հնարաւորութիւն ապրելու ընդարձակ եւ յարմարաւէտ տան մէջ: Ամբողջութեամբ քանդուած եւ վերանորոգուած է տան տանիքը:

«Վանաձոր քաղաքի մէջ, օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ թեմակալ առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի, 2015-ին սկիզբ դրուեցաւ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է  գնել բնակարաններ Լոռի մարզին մէջ տնակային աւաններու կամ վակոն-տնակներու մէջ բնակող բազմազաւակ, կարիքաւոր ընտանիքներու համար:

«Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» ծրագիրը բարի կամքի արտայայտութեան դրսեւորում է, մեր մարզի ազգաբնակչութեան նիւթապէս անապահով խաւին հանդէպ: Անիկա կ՝իրականացուի հայրենասիրական, մարդասիրական նկատառումներով, կարեկցանքի անկեղծ մղումով:

Առ այսօր, Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ՝  ծրագիրով յատկացուած 25 բնակարաններէն 22-ը գնուած են անոր անմիջական բարեկամներու եւ ընկերներու անհատական նուիրատւութիւններով, որոնք կը բնակին Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, իսկ անոնցմէ 3-ը սրբազան հօր յանձնառութեամբ՝ Վանաձորի մէջ կազմակերպուած համաքաղաքային հանգանակութեան միջոցով:

Բնակարան ստացող ընտանիքները կ՝ընտրուին ծրագիրը համակարգող յանձնախումբին որոշումով, անոնց փաստացի նիւթական պայմաններու գնահատման՝ ընտանիքի անդամներու քանակի, աշխատունակութեան, զբաղուածութեան, հաշմանդամութեան եւ այլ՝ սահմանուած չափորոշիչներու հիման վրայ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: