Գերմանիոյ Խորհրդարանի Զեկոյցին Համաձայն Թուրքիոյ Ներխուժումը Սուրիա Գրաւում Որակուած է

Աշխարհ

Գերմանիոյ խորհրդարանի կազմած զեկոյցին համաձայն՝ Թուրքիան որակուած է իբրեւ Սուրիան գրաւած երկիր։ Զեկոյցին մէջ արձանագրուած է, որ Սուրիոյ հիւսիսային Աֆրին, Ազեզ, Էլ Պապ եւ Ճրապլուս քաղաքներուն մէջ թրքական զինուած ուժերուն ներկայութիւնը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն կը համապատասխանէ ռազմական գրաւման չափանիշներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով t24.com.tr-ը։

Ինը էջերէ բաղկացած զեկոյցը պատրաստուած է Գերմանիոյ խորհրդարանի «Ձախեր»ու կուսակցութեան խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Խմբակցութեան նախագահ Սէլիմ Տաղտելէնը նշած է, որ տուեալ փորձագիտական զեկոյցը պէտք է Գերմանիոյ կառավարութեան համար իբրեւ զգուշացում ծառայէ։ Ան նաեւ քննադատած է Գերմանիոյ իշխանութիւնները՝ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները իբրեւ միջազգային իրաւունքի դրոյթներու ոտնահարում որակելէ խուսափելու համար։

«Իրական աղմուղը այն է, որ հակառակ բոլոր մասնագիտական զեկոյցներուն եւ խորհրդարանական խմբակցութեամբ ներկայացուած կուսակցութիւններու դիրքորոշման՝ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիոյ մուտքը Սուրիոյ որոշ շրջաններ եւ անոնց գրաւումը դեռ չեն գնահատուիր իբրեւ միջազգային իրաւունքի խախտում»,- յայտարարած է Տաղտելէնը։

Նշենք, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը դատապարտած եւ անընդունելի համարած էր Թուրքիոյ զինուած ուժերուն կողմէ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին դէմ Յունուարին սկսած ռազմական գործողութիւնը։ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայկօ Մաասը Մարտին ըրած իր յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ եթէ թրքական զինուած ուժերը շարունակաբար մնան Սուրիոյ մէջ, ատիկա ի հարկէ, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու խախտում պիտի ըլլայ։ Սակայն, Գերմանիոյ կառավարութիւնը որեւէ յստակ մենակաբանութիւն չէր ըրած այն մասին, թէ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ինչ գնահատական պէտք է տալ Աֆրինի գործողութեան։

Թուրքիան Սուրիոյ տարածքին մէջ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու ընթացքին յղում կը կատարէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին, որն է՝ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք։ Սակայն, ինչպէս նշուած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի վերոնշեալ զեկոյցին մէջ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը դեռ չէ մատնանշած Թուրքիոյ ուղղուած որեւէ իրական սպառնալիք, որ կրնար ինքնապաշտպանական քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւն ստեղծել։