Աշխատանքներ, Դժուարութիւններ Բացթողումներ (Զ.) Գաղափարաբանական Յաւելուածի Շարունակականութեան Խնդիր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

«Ազդակ-գաղափարական»-ի ծննդոցը դիւրին չեղաւ: Տատամսոտ մօտեցումներէ եւ երկար ծրագրումներէ ետք խմբագրութիւնը դիմեց գաղափարական-գաղափարաբանական նիւթերով մամուլի էջերուն մէջ գրութիւններ ստորագրած անուններու: Տատամսոտ նախնական վիճակը հետզհետէ փոխուեցաւ ո՛չ միայն ընդառաջողներու փաստին, այլ նաեւ նախաձեռնութիւնը քաջալերողներուն ի տես: Անվստահութիւնը հիմնուած էր նման  նիւթերու նօսրացման, չըսելու համար գրեթէ բացակայութեան երեւոյթին պատճառով:

Քաջալերողներուն  մօտեցումը այն էր, որ պէտք է գաղափարագրութիւնը վերադարձնել մամլոյ դաշտ, մանաւանդ այսօրուան  լրատուադաշտը հեղեղած դասական գաղափարաբանութենէն հեռու արձանագրուող տարբեր ոլորտներու գործընթացներու արձագանգը կատարող խեղուած լրատուութիւններու եւ անոնց համարժէք յօդուածներու իրականութիւնը նկատի ունենալով: Երեւոյթը բնականաբար զուտ հայկական չէր եւ կը վերաբերէր միջազգային լրատուադաշտին:

Գաղափարաբանական յաւելուածը ընթերցողի դատին յանձնուեցաւ: Ընդունեցինք զանազան տեսակէտներ` ընդհանուր քաջալերականի եւ անպայման շարունակելու յորդորներու լոյսին տակ:

– Զուտ գաղափարաբանականը կրնայ մնալ տեսաբանութեան արծարծման սահմաններուն մէջ եւ հեռանալ մեր այսօրուան իրականութենէն:

– Բովանդակային առանցքը վերածել գաղափարաբանականէն գաղափարաքաղաքականի: Այդպիսով նիւթերը կեդրոնացնել ժամանակակից գործընթացներու վերլուծման վրայ` անշուշտ գաղափարական հէնքը պահպանելով:

– Օրաթերթին մէջ լոյս տեսնող եւ նման նիւթեր արծարծող յօդուածներու հրատարակումը վերապահել նման յաւելուածներու:

– Երիտասարդ աշխատակիցներ ներգրաւել այս յաւելուածին:

Յաւելուածի լոյս ընծայման առիթով կազմակերպուած քննարկումին հնչեցին նաեւ այլ առաջարկներ` կազմակերպել այս մասին դասախօսական լսարաններ, յաւելուածէն ետք նիւթերը հրատարակել գրքոյկի տեսքով եւ այլն: Համակողմանի էր սակայն նախաձեռնութիւնը շարունակելու պահանջը:

Կը գիտակցինք, որ դժուար պարտականութիւն մը ինքզինքին վստահած պիտի ըլլայ «Ազդակ» յաւելուածին հրատարակութիւնը շարունակելու որոշումով: Յաճախականութիւն, մնայուն աշխատակիցներ, խմբագրական քննարկումներ, նիւթերու ճշդումներ, այս բոլորը կը յուշեն, որ խմբագրական յատուկ բաժին պէտք է ձեւաւորել աշխատանքի հետեւողականութիւնը պահելու եւ շարունակականութիւնը ապահովելու համար:

Այստեղ հաւանաբար հանրամատչելիութիւնը կամ թերթի զանգուածայնացումը այնքան հրատապ խնդիր չեն, որքան աշխատակիցներու ցանցի յառաջացումը եւ անոնց մնայուն մասնակցութիւնը: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ նման մտաւորական-մասնագիտական բովանդակութեան հաղորդ ըլլալու մղում չ՛ունենար միջին ընթերցողը: Նման յաւելուածներու ընթերցող լսարանը սակաւաթիւ կ՛ըլլայ հասկնալիօրէն: Տպագիրը այս պարագային արդարացուած է. թէեւ ելեկտրոնային տարբերակը առաջին թիւին տեղադրուած է կայքին վրայ:

Գաղափարագրական բացը լրացնելու անհրաժեշտութիւն կայ ընդհանրապէս մամուլին, նաեւ` «Ազդակ»-ի պարագային: Արդարացումներ պէտք չէ փնտռենք նման գործառոյթ ստանձնելու դժուար պարտականութենէն հրաժարելու համար: