Խորհրդարանի Պատերէն Դուրս Պիտի Ձեւաւորուի Հիմնական Ընդդիմութիւնը. Արսէն Համբարձումեան
Այն փաստը, որ Ազգային ժողովին մէջ մէկ քաղաքական ուժ ունի ձայներու սահմանադրական մեծամասնութիւն, անկէ որեւէ լաւ բան պէտք չէ սպասել: Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:
«Այն փաստը, որ մէկ քաղաքական ուժ ունի ձայներու սահմանադրական մեծամասնութիւն, յղի է քաղաքական մենիշխանութեան վտանգով, անկէ որեւէ լաւ բան պէտք չէ սպասել, քանի որ մեր երկրի խնդիրներու խնդիրը եղած է քաղաքական մենիշխանութիւնը, որ բերած է տնտեսական մենաշնորհ, որ ի վերջոյ երկրի անարդիւնաւէտ կառավարման հասցուցած է»,- նշած է ան:
Արսէն Համբարձումեան թերահաւատ է, որ նոր իշխանութիւնները պիտի կարենան լիարժէքօրէն իրականացնել մեր երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները եւ դիմագրաւել մարտահրաւէրները, քանի որ կան առարկայական դժուարութիւններ: «Այնպէս չէ, որ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ չէ եղած ցանկութիւն այդ խնդիրները լուծելու: Այս առարկայական դժուարութիւնները լուծելու համար անհրաժեշտ է քատրային ներուժ, բաւարար գիտելիք, փորձ, համապատասխան ծրագիրներ եւ կամք այդ ամէնը իրականացնելու համար: Այս պահուն ես լաւատեսութեան համար բաւարար հիմքեր չունիմ»,- ըսած է ան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը համոզում յայտնած է, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերը մարդուժի ներուժով ու գաղափարախօսութեամբ ի վիճակի չեն խորհրդարանին մէջ ընդդիմութեան դերը ստանձնելու, եւ անխուսափելիօրէն խորհրդարանի պատերէն դուրս պիտի ձեւաւորուի հիմնական ընդդիմութիւնը:
Արսէն Համբարձումեանը չի կարծեր, թէ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չըլլալը կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ ՀՅԴ-ի գործունէութեան վրայ: «Խորհրդարանական ընտրութիւններով մեզի համար ոչինչ աւարտած կամ սկսած է: Մենք պիտի շարունակենք մեր օրակարգերուն հարազատ մնալով մեր քաղաքական գործունէութիւնը իրականացնել` մեր ազգային օրակարգերը եւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հետ կապուած օրակարգերը, անոնց յառաջ մղման ուղղութեամբ պիտի փորձենք աշխուժ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել իբրեւ արտախորհրդարանական ուժ: Անոր կարելիութիւնը մենք յստակօրէն կը պատկերացնենք: Չեմ բացառեր, որ ազգային հարցերու շուրջ ազգային ճակատ ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւն յառաջանայ: Նոյն սահմանադրութիւնը առիթ կու տայ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չըլլալով այդ գործունէութիւնը իրականացնել, որովհետեւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերը քատրային ներուժի ու գաղափարախօսութեան իմաստով ի վիճակի չեն խորհրդարանին մէջ ընդդիմութեան դերը ստանձնելու եւ անխուսափելիօրէն խորհրդարանի պատերէն դուրս պիտի ձեւաւորուի հիմնական ընդդիմութիւնը»,- նշած է ան:
Անոր համաձայն, արտախորհրդարանական ուժերու հետ համագործակցութեան ձեւաչափերէն կախեալ է, թէ իրենց համար կարեւոր օրակարգերու շուրջ պիտի ձեւաւորուի՞ արդեօք համաձայնութիւն։