Իրաքի Մէջ Սուրբ Ծնունդը Պաշտօնական Տօն Յայտարարուած է

Աշխարհ

Իրաքի կառավարութիւնը Սուրբ Ծնունդը յայտարարած է երկրի մէջ պաշտօնական տօն:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին նշուած է Twitter-ի մէջ նախարարներու գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:

Քրիստոսի ծնունդը քրիստոնէական գլխաւոր տօներէն մէկն Է: Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցին Սուրբ Ծնունդը կը նշէ Գրիգորեան օրացոյցով՝ Դեկտեմբեր 24 լոյս 25-ին:

«Իրաքի կառավարութիւնը Սուրբ Ծնունդը պաշտօնական տօն կը յայտարարէ ամբողջ Իրաքի մէջ: Երջանիկ Սուրբ Ծնունդ մեր բոլոր քրիստոնեայ քաղաքացիներուն, բոլոր իրաքցիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Սուրբ Ծնունդը կը տօնեն ամբողջ աշխարհի մէջ»,- ըսուած Է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Al-Arabia հեռուստաալիքին՝ Իրաքի քրիստոնեաները Սուրբ Ծնունդը առաջին անգամ է կը տօնեն այն շրջաններուն մէջ, որոնք ազատագրուած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն: Նախքան ԱՄՆ-ի ռազմական գործողութիւնը, Իրաքի մէջ քրիստոնեայ բնակչութիւնը կազմած է մօտաւորապէս 1,5 միլիոն եւ նուազած է մինչեւ 300 հազար։