ԱՄՆ Զօրքերը Սուրիայէն Դուրս Բերելու Որոշումը Հայ Բնակչութեան Համար Կրնայ Բացասական Հետեւանք Ունենալ․Կիրօ Մանոյեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Սուրիայէն զօրքերը դուրս բերելու մասին Ուաշինկթընի որոշումը մտահոգութեան տեղիք կու տայ: Այս մասին Դեկտեմբեր 24-ին` լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Անոր խօսքով, այս որոշումը նոր հնաւորութիւններ պիտի տայ Թուրքիոյ իր զօրքերը Սուրիոյ տարածք մտցնելու համար:

«Թրքական զօրքերու ներթափանցումը պիտի կատարուի երկրի հիւսիսային եւ արեւելեան շրջաններու ուղղութեամբ, որոնք կը վերահսկուին քիւրտերու կողմէ: Սուրիոյ այդ շրջաններուն մէջ կեդրոնացած է հայ բնակչութիւնը: Մասնաւորապէս, վտանգ կրնայ յառաջանալ Գամիշլիի բնակչութեան համար»,- ըսած է ան:

Մանոյեան նշած է այն փաստի կարեւորութիւնը, որ այս որոշումը ընդունուած է ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ նախագահներու հեռախօսազրոյցի ժամանակ եւ այն Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն կողմէ միաձայն չէ ընդունուած:

«Այս առնչութեամբ մենք մտահոգութեան քանի մը պատճառ ունինք: Նախ, Սուրիոյ տարածքին հայ բնակչութեան ներկայութիւնը, ուր կրնան թրքական զինուած ուժերը ներթափանցել: Երկրորդ, այն փաստը, որ այս ամէնը տեղի կ’ունենայ մեր սահմաններէն համեմատաբար քիչ մը հեռու», – նշած է ան: