Սայաթ Նովայի Մասին Ֆիլմ Պիտի Նկարահանուի Հոլիւուտի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հոլիւուտի մէջ Սայաթ Նովայի մասին պատմող նոր ֆիլմ պիտի նկարահանուի: Գաղափարը կեանքի կոչելու համար աշխատանքներ կը տանի դերասան Յովհաննէս Բաբախանեանը:

Այս մասին ան խօսած է Լոս Սնճելըսի Amga.tv հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

Բաբախանեան նշած է, որ ֆիլմի ծանուցման տեսանիւթը արդեն նկարահանուած է եւ այժմ ֆիլմի ամբողջական տարբերակի նկարահանման համար հովանաւոր կը փնտռուի: Ի տարբերութիւն նախորդ ֆիլմերուն, այս ֆիլմին մէջ հանդիսատեսը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տեսնելու աշուղի ընտանիքը, կինը եւ չորս երեխաներու մասին պատմող պատմութիւնները:

Սենարը գրուած է Սայաթ Նովայի  ամենայայտնի  ժամանակակից հետազօտող Ասլան Ասլանեանի աշխատանքի հիման վրայ: Աշուղին դերակատարը պիտի ըլլայ Բաբախանեանը:  Սայաթ Նովան պիտի ներկայացուի որպէս յառաջացած տարիքի մարդ,  որուն կեանքը կը պատկերուի վերջինիս սեփական յիշողութիւններու արդիւնքով:

Յիշեցնենք, որ Սայաթ Նովայի մասին պատմող առաջին ֆիլմը նկարահանուած է 1960-ին: Կիմ Արզումանեանի սեւ ու սպիտակ ֆիլմը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ժամանակակիցներու պատկերացումներուն մէջ 18-րդ դարու հայութեան կեանքի նկարագրի տեսանկիւնէ: