Կառավարութեան Կառուցուածքի Փոփոխութեան Նախագիծին Նախնական Տարբերակը Դրուած է Ներքին Շրջանառութեան Մէջ. Արման Եղոյեան

Հայաստան

«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին նախնական տարբերակ կայ, որ դրուած է ներքին շրջանառութեան մէջ: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Արման Եղոյեան` անդրադառնալով մամուլի մէջ շրջանառուող նախագիծի տարբերակին, որու համաձայն` Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետէ եւ 12 նախարարէ, իսկ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը պիտի կրճատուի:

«Գերատեսչութիւններու հետ քննարկելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ նախագիծի առաջին տարբերակի մասին: Հիմա կայ տարբերակ, որ դրուած է ներքին շրջանառութեան մէջ»,- ըսած է Եղոյեան:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ հրապարակած է «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին տարբերակը, որու համաձայն` նոր կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետէ եւնախարարներէ: Կը կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը:

Նախագիծով նախատեսուի ունենալ հետեւեալ 12 նախարարութիւնները`

  1. Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն
  2. Առողջապահութեան նախարարութիւն
  3. Արդարադատութեան նախարարութիւն
  4. Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն
  5. Արտաքին գործոց նախարարութիւն
  6. Բնապահպանութեան նախարարութիւն
  7. Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն
  8. Պաշտպանութեան նախարարութիւն
  9. Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն
  10. Բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութիւն
  11. Տնտեսական զարգացման եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն
  12. Ելեւմուտքի նախարարութիւն: