Արամ Ա. Կաթողիկոս Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով Կ՛այցելէ Ազունիէի Ազգային Բուժարան Եւ «Թռչնոց Բոյն»

Սփիւռք

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով այցելութեանց ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, ականջալուր դարձաւ մամիկներուն ու պապիկներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ այս բուժարանը սովորական բուժարան չէ, այլ ազգայի՛ն բուժարան է ու կը պատկանի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, իսկ հոն ցուցաբերուած խնամքն ու սէրը այլ բուժարաններու մէջ գտնել կարելի չէ: Խօսելէ ետք ընտանեկան սրբութեան եւ հայկական դիմագիծի պահպանման մասին` վեհափառ հայրապետը գնահատեց հաստատութեան ցուցաբերած բծախնդիր հոգատարութիւնը մեր մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի անոնց պարգեւէ առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն: Ապա օրհնեց բուժարանն ու հոն ապաստանողները:

Հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց բոյն»-ի որբերուն, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Գայեանեան քոյրերուն կողմէ:

Վեհափառ հայրապետը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց մանուկներուն կողմէ կաթողիկոսին համար պատրաստուած Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ աւարտին անոնց նուէրներ բաժնեց: