Ախալցխայի Մէջ Բացուեցաւ Եկեղեցւոյ Կից Կրթամշակութային Կեդրոն

Սփիւռք

Ախալցխայի Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող շինութեան մէջ բացուեցաւ  եկեղեցուոյ կից Վարդգէս Սուրէնեանցի անուան կրթամշակութային կեդրոն: Բացման արարողութեան ներկայ էին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը՝ հոգեւոր դասի հետ միասին, Վրաստանի պատգամաւոր Գիորգի Գոբաձէն, քաղաքապետ Զազա Մելիքիձէն՝ խումբ մը աշխատակիցներու հետ միասին, Սակրեպուլոյի ղեկավար Կէլա Նոզաձէն՝ խումբ մը տեղական պատգամաւորներու հետ միասին եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր:

Կեդրոնի բացման արարողութեան մեկնարկը տրուեցաւ օրհնութեան արարողութեամբ, որմէ ետք պատգամաւոր Գիորգի Գոբաձէն կտրեց կեդրոնի կարմիր ժապաւէնը: Կեդրոնի բացման արարողութեան հետեւեցաւ հիւրասիրութիւն «Ախալցխա» պարախումբին կատարման ներքոյ:

«Այսօր Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեանի նախաձեռնութեամբ բացուեցաւ Վարդգէս Սուրէնեանցի անուան կրթամշակութային կեդրոնը: Այստեղ երեխաները պիտի սորվին հայերէն, նկարչութիւն, պար եւ երգ»,- իր խօսքին մէջ նշեց Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Յակոբ Սահակեան:

Ախալցխայի հոգեւոր տեսչութեան կողմէ կեդրոնի տնօրէն նշանակուեցաւ Ասիա Եփրանոսեան-Բաբոյեան:

Վիքթորիա Եկիյեան

Akhaltskha.net