ՀՅԴ-ն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Կառավարութեան Կառուցուածքի Շարք Մը Փոփոխութիւններուն Վերաբերեալ

Հայաստան

Հ․ Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, քննելով «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու նախագիծը,  խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ շարք մը փոփոխութիւններու վերաբերեալ:

Առանց հայեցակարգի, պատշաճ հիմնաւորման ու հանրային քննարկման նախարարութիւնները միաւորելու, շարք մը պետական կառավարման մարմիններ վերակազմակերպելու եւ լուծարելու կառավարութեան նախաձեռնութիւնը որեւէ քննադատութեան չի դիմանար։ Խնդրահարոյց եւ կամայական այդ որոշումը յղի է լրջագոյն բացասական հետեւանքներով։ Չժխտելով կրճատումներու միջոցով պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը՝ չկշռադատուած եւ շտապողական որեւէ քայլ կը համարենք անընդունելի։ Յատկապէս անթուլատրելի է Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններու, իբրեւ առանձին պետական կառավարման մարմիններու, գոյութիւնը հարցականի տակ դնելու մօտեցումը:

Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու, մեծ հայրենադարձութիւն կազմակերպելու մասին կառավարութեան յայտարարած նպատակները, կը թուէր, պէտք է յանգեցնէին հայեցակարգային նոր մօտեցումներու որդեգրման։ Սակայն, Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը վերարժեւորելու փոխարէն՝ առանց լայն, համակողմանի հանրային եւ փորձագիտական քննարկման՝ որոշում  կայացուած է լուծարելու նախարարութիւնը։ Համահայկական կառոյցի բացը մասամբ լրացնող Սփիւռքի նախարարութիւնը փակելու որոշումը վստահաբար բացասական արձագանգ պիտի գտնէ նաեւ արտերկրի մեր հայրենակիցներուն մօտ: Անկախ անկէ, թէ վերոնշեալ նախարարութիւնը իր առջեւ դրուած խնդիրները կրցած է լուծել, թէ ոչ, անիկա կոչուած է ո՛չ միայն հանդիսանալու արտերկրի ու Հայաստանի հայութիւնը իրարու կապող պետական հիմնական օղակ, այլեւ՝ հայութիւնը ՄԷԿ ու ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ տեսնելու գաղափարական մօտեցման դրսեւորումն է։

Սփիւռքի ամրապնդումն ու հզօրացումը ռազմավարական կարեւոր խնդիր է եւ հայրենիքի անվտանգութեան ու յառաջընթացի հիմնական երաշխիքներէն մէկը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կոչ կ’ընէ երկրի իշխանութիւններուն՝ վերանայելու կառավարութեան կառուցուածքի մասին շրջանառութեան մէջ դրած օրէնքին նախագիծը եւ յատկապէս Սփիւռքի նախարարութեան վերադարձնելու իր իսկական առաքելութիւնը՝ ըստ հարկի նորոգուած ու բարեփոխուած օրակարգով:

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

21.12.2018