Հայաստանի 2018-ի «Տարուայ 10 Լաւագոյն Մարզիկներ»-ը Յայտնի են

Այլեւայլ, Հայաստան

Դեկտեմբեր 21-ին յայտնի դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Տարուայ 10 լաւագոյն մարզիկներ»-ու քուէարկութեան արդիւնքները:

Ըստ Armsport.am-ի՝ ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան մասնակցած են մարզական լրագրողները, ազգային դաշնութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ամփոփուած են SMS քուէարկութեան արդիւնքները:

«Տարուայ լաւագոյն մարզիկներ»-ու 10-եակին մէջ յայտնուած են (այբբենական կարգով)՝

Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ)

Արթուր Թովմասեան (մարմնամարզիկ)

Ֆերտինանտ Կարապետեան (ժիւտօ)

Վլատիմիր Յարութիւնեան-Լեւ Սարգսեան (ջրացատկ, սինքրոն աշտարակացատկ)

Արսէն Ղազարեան (սամբօ)

Մաքսիմ Մանուկեան (ըմբշամարտ)

Սիմոն Մարտիրոսեան (ծանրամարտ)

Գոռ Մինասեան (ծանրամարտ)

Գրիգոր Մխիթարեան (սամպօ)

Էդգար Ստեփանեան (հեծանուային մարզիկ)