Երեւանի Գլխաւոր Տօնածառը Լուսաւորուեցաւ

Այլեւայլ, Հայաստան

Պաշտօնական արարողութեամբ լուսաւորուեցաւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի գլխաւոր նոր տօնածառին լոյսերը` ազդարարելով մայրաքաղաքի ամանորեայ ձեռնարկներու սկիզբը: Աարարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ քաղաքապետ Հայկ Մարութեան:

Յիշեցնենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանը երկրի գլխաւոր տօնածառը տեղադրելու վրայ ծախսած է 70 միլիոն դրամ՝ մօտաւորապէս $165,000: 35 մեթր բարձրութեամբ գլխաւոր տօնածառը ունի 1500 խաղալիք եւ աւելի քան 200 քմ․ երկարութեամբ լոյսեր:

Արարողութեան յաջորդեցին հրավառութիւն եւ նախատօնական համերգ: