Բոլոր Ծայրայեղութիւնները Անընդունելի են

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ, Սփիւռք

Վերջին ժամանակաշրջանին, ծայրայեղութիւններու պատճառով Հայաստանի մէջ «Սէր ու համերաշխութեան» փոխարէն ծայրայեղ անհանդուրժողականութիւն կը տիրէ.

Ծայրայեղութիւնը սկիզբ առաւ Սերժ Սարգսեանի բացայայտ սուտէն, երբ ան հակառակ իր յայտարարութեան՝ առաջադրուեցաւ ՀՀ վարչապետի թեկնածու։ Այդ ծայրայեղ սուտը հունէն հանեց ժողովուրդը, բայց այնուամենայնիւ գնահատանքի արժանի էր անոր խաղաղ հրաժարական տալը, որ Հայաստանը զերծ պահեց արիւնահեղութենէն (գիտեմ հիմա ծայրայեղ նիկոլականները ընդվզեցան, սակայն փորձեցէք ծայրայեղ չըլլալ եւ զինուեցէք համբերութեամբ)։

Այո՛, նախորդ իշխանութիւնը լի էր սխալներով, չարաշահումներով, անարդարութեամբ եւ շարքը կարելի է երկարել, բայց ծայրայեղութիւն էր ըմբոստացող հասարակութեան կողմէն կենդանի մարդոց թաղում կազմակերպելն ու նմանատիպ անընդունելի արարքները։

Նիկոլ Փաշինեանը ծայրայեղ քայլերու դիմեց եւ հասաւ իշխանութեան, գնահատելի է, որ անոր գլխաւորութեամբ նախորդ իշխանութեան լուծը կազմաքանդուեցաւ եւ ժողովուրդը սկսաւ ազատ շնչել՝ դուրս գալով ստրուկի կարգավիճակէն, բայց ծայրայեղութիւն է Նիկոլ Փաշինեանը փրկիչ համարելն ու անոր բոլոր արարքները հալած իւղի պէս ընդունիլը, որովհետեւ նախ Նիկոլ Փաշինեանի յաջողութեան գլխաւոր խթանը նախորդ իշխանութեան հանդէպ դրսեւորուած ատելութիւնն էր, եւ երկրորդ՝ դեռ պարզ չէ, թէ ընձեռուած ազատ շունչը ի՞նչ որակի է, օգտակա՞ր, թէ վնասակար, կողմնորոշուելու համար ժամանակի կը կարօտինք։

Ընդունինք կամ ոչ, ծայրայեղ սխալ էր՝ ձեւաւորումը անփորձ կառավարութեան մը, որուն յաջորդեց անփորձ պատգամաւորներուն ցուցակը։ Այսօր, իսկական հայու ամենամեծ ցանկութիւնը պէտք է ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ յաջողութիւնը, որովհետեւ, եթէ այս անգամ ալ ժողովուրդը հիասթափուի մեծ անկում կ’ունենանք։ Այնուամենայնիւ, այդ ցանկութիւնը պէտք չէ մեր աչքերը փակէ՝ սխալները անտեսելու չափ։ Այսօր ունինք հիպնոսացած հասարակութեան մեծ զանգուած մը, որ Նիկոլ Փաշինեանի իւրաքանչիւր քայլ կամ որոշում միայն դրական կը տեսնէ. «Եթէ Նիկոլն է ասել կամ արել՝ ուրեմն մի բան գիտի»։ Ոեւէ մէկը կրնա՞յ հիմնաւորել անփորձ նախարարներ նշանակելու որոշուներուն դրական կողմը, կամ չստացուած դերասանը քաղաքապետ դարձնելը։ Չըսէ՛ք, հապա Տարօ՞նը լաւ էր։ Եթէ աւազակը պիտի հանէր՝ խեղկատակը դնելու համար, ի՞նչ հասկցանք։ «Սէր ու համերաշխութիւն» աղաղակողը, պէտք է ընտրէր ատակ քատրեր եւ ո՛չ թէ վարձահատոյց ըլլար ցոյցերու մասնակիցներուն եւ պաշտօնները բաշխէր ամենաբարձր «պոռացողներուն»՝ հաշուի չառնելով անոնց անկարողութիւնն ու անփորձութիւնը։

Այսօ՛ր, երբ գրեթէ որոշում կայացուած է լուծարել Սփիւռքի նախարարութիւնը, առաւել քան վստահ եմ, որ այս որոշումը կար ի սկզբանէ։ Այլապէս, այս ամենապատասխանատու պաշտօնը չէր տրուեր անյայտ նորելուկի մը։ Այս որոշումը համբերատար Սփիւռքի համար առաւել քան վիրաւորական էր. կարծես Սփիւռքը անտեսելու, արհամարհելու քաղաքականութիւն մը կ’ուրուագծուի։ Նորելուկ նախարարը «գործի» անցաւ միայն հինը քանդելով, իսկ երբ շէնքի մը ամուր հիմքերը կը քանդուին՝ բնականաբար կառոյցը կը  փլուզուի։ Հիմա, նախարարութեան աշխատակիցներուն կարծիքով, նոր նախարարը դէմ է նախարարութեան լուծարման։ Ո՛չ բարեկամներ, ինք դէմ է իր «գահընկեցութեան», ինք համաձա՞յն է, որ նախարարութիւնը գործէ ուրիշ նախարարի մը նշանակումով, բնականաբար՝ ո՛չ, իսկ եթէ կ’ուզէք Սփիւռքի զգալի մասի մը կարծիքը գիտնալ՝ ըսեմ․ «Եթէ այս մանուկը իր բացարձակ անփորձութեամբ պիտի ղեկավարէ նախարարութիւնը, աւելի լաւ է,  որ լուծարուի»։

Նախարարութիւնը, անցնող տարիներուն ընթացքին մեծ աշխատանք տարած է, բայց  կրնա՞ր աւելին ընել, այո’ կրնար, բայց հանրապետականներու վարչակարգին տակ գործելով այսքան աշխատանք տանիլը, հաւատացէ’ք աշխատակազմի մեծ մասի ամենօրեայ պայքարի, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ նոյնիսկ անձնազոհութեան արդիւնք էր…

Պէ՞տք է մնայ նախարարութիւնը կամ՝ ոչ, ի՞նչ կարգավիճակով մնայ, քննարկելի խնդիրներ են։ Բայց այո՛, ոճրագործութիւն է այդ մասին չնախազգուշացնելը, պաշտօնեաներու անգործութեան խնդիրը չլուծելը, Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ հարցը չքննարկելը։ Օր մը արթննալ ու ըսել,- դուք այլեւս պիտի չաշխատի՞ք, դուք չէք որոշողը, մե՞նք ենք որոշողը, կարելի չէ՞ր աստիճանաբար լուծել խնդիրը, Պարոն Փաշինեան, ա՞յս է «Հայաստանի հպարտ քաղաքացի» ձեւակերպումի ձեր տեսլականը։

Այս բոլորը կը յիշեցնէ այն օրը, երբ հայութիւնը արթնցաւ ու տեսաւ, որ դասական ուղղագրութիւնը «դուրս դրուած է» Հայաստանէն…

Այսօր, ողջ հայութիւնը պէտք է թեւ ու թիկունք կանգնի պետութեան ու  երկրի՛ շահերուն, ո՛չ թէ Նիկոլ Փաշինեանին։ Եթէ այդ շահերը համընկնին՝ բարի, եթէ ո՛չ, պէտք է տեսնել ու բարձրաձայնել սխալները, պէտք է հաստատել դրական իրավիճակը եւ ո՛չ թէ դերերու փոփոխութիւնը։ Այլապէս պատմութիւնը կը կրկնուի: Լեւոն Տէր Պետրոսեանը վկայ, որ դեռ պատմութիւն անգամ չէ դարձած այն իրողութիւնը, որ ժողովուրդի 80%-ի վստահութիւնը միշտ չէ՛ որ վստահելի է։

ԲՈԼՈՐ ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, կտրուկ, չուսումնասիրուած եւ միահեծան քայլերը ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՆ եւ հեռու են «ժողովուրդն է որոշողը» ամպագոռգոռ յայտարարութիւններէն, անոնց հետեւանքով կը տուժեն՝ երկիրն ու հայ ժողովուրդը։

Նայիրի Մկրտիչեան