«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Դէմ Է Արցախի Մէջ Օտարահպատակներուն Հողի Գնման Իրաւունք Շնորհելուն

Հայաստան

«Ապառաժ» կը հաղորդէ, թէ 20 դեկտեմբերին կայացած Արցախի Ազգային ժողովի ընթացիկ նստաշրջանի եզրափակիչ նիստին «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկած է հողային օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերող օրէնքին:

Երկրորդ ընթերցումով ներկայացուած հողային օրէնսգիրքի նախագիծը կ՛ենթադրէ օտար քաղաքացիներուն աւելի պարզ ընթացակարգով եւ մեծ լիազօրութիւններով Արցախի մէջ այգեգործական արժէք ունեցող տարածք եւ որեւէ այլ գոյքի տնօրինման կարելիութեան ընձեռում` Արցախի քաղաքացիներուն հաւասար իրաւունքով: Օրէնքը ընդունելով կարելիութիւն կը տրուի  օտար քաղաքացիներուն համայնքային եւ պետական պահեստային ֆոնտի հողամասերը ձեռք ձգել:

«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեօշա Գաբրիէլեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ գործող նմանօրինակ օրէնքին` նշելով, որ անիկա կը կարգաւորուի մէկ այլ` երկքաղաքացիութեան օրէնքի միջոցով:

«Արցախի պարագային այս հարցը այլ հնչեղութիւն ունի: Մենք պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող երկիր ենք, եւ մեր պետական պահեստային ֆոնտի հողամասերը կը գտնուին սահմանամերձ տարածքներուն մէջ: Այդ իսկ առումով մեր մօտեցումը միանգամայն այլ է», շեշտած է Գաբրիէլեան:

Պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի մտահոգութիւնները քաղաքական, անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ օրէնքի ընդունման տնտեսական անարդիւնաւէտութեան հարցերուն առնչուած են:

«Օրէնսդրական փոփոխութիւնները որեւէ առումով պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլան անհատական շահերու, անհատական ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու հետ, այլ բացառապէս պէտք է պայմանաւորուած ըլլան պետական շահի եւ ազգային անվտանգութեան հետ: Ես որոշ շտապողականութիւն կը տեսնեմ տնտեսական շահ չերաշխաւորող նմանօրինակ օրինագիծի ընդունման մէջ», ըսած է Իշխանեան` կոչ ուղղելով Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն դէմ քուէարկելու օրինագիծին` առաջարկելով մշակել աւելի մեղմ պայմաններով վարձակալման նախագիծ եւ նախաձեռնել հողային օրէնսգիրքի փոփոխութիւն:

Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարար Ժ. Միրզոյեան, անդրադառնալով պատգամաւորներուն նկատառումներուն, նշած է, որ առանց կառավարութեան համապատասխան որոշման` հաստատուած արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու, տնտեսութեան, բնապահպանութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն կողմէ` օտարները հողի գնման իրաւունք պիտի չստանան:

«Նշեալ պետական մարմինները կրնան կիրարկել վեթոյի իրաւունք եւ չընդունիլ համապատասխան որոշումը: Բացի ատկէ, միայն համապատասխան ներդրումներ կատարելէ ետք օտարները իրաւունք ունին ձեռք բերելու հողամաս` այն ալ գնուած տարածքը այլ նպատակով չօգտագործելու յստակ պայմանով», յայտնած է նախարարը:

Ան աւելցուցած է նաեւ, որ իրաւական առումով թղթածրարին մէջ կայ ամրագրումներու այնպիսի համակարգ, որ պիտի բացառէ Արցախի պաշտպանունակութեան եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ որեւէ խաթարում եւ թուլացում` դիտել տալով, որ օրէնքի այս նախագիծը կրնայ նոր կարելիութիւններու դռներ բանալ:

Սակայն գիւղատնտեսութեան նախարարին պատասխանները համոզիչ չէին «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներուն համար: Խմբակցութիւնը դէմ քուէարկած է օրինագիծին, որ ընդունուած է 24 թեր, 6 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ: