Սթրազպուրկի Մէջ Զինեալ Յարձակում Մը 4 Զոհ Պատճառեց
Երէկ երեկոյեան ֆրանսական ոստիկանութիւնը բախում մը ունեցած է զինեալի մը հետ, որ Սթրազպուրկ քաղաքի կեդրոնին մէջ յարձակում մը գործած էր: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, կը հաղորդէ SkyNews-ը։
Զինեալ յարձակումին ընթացքին արձանագրուած է 4 զոհ:
Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, զինեալը վիրաւորուած է ոստիկանութեան հետ բախումին ընթացքին:
