Ազգային Կառոյցներու Վերականգնումը Սուրիահայ Համայնքի Առաջնահերթ Խնդիրներէն է. Նորա Արիսեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սուրիոյ քաղաքները արդէն ազատուած են ահաբեկչական խմբաւորումներէն, սակայն պատերազմը դեռ աւարտած չէ: Սուրիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան կազմով օրերս Հայաստան եկած էր այդ երկրի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեան։ Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Արիսեան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ կեանքը աւելի ապահով դարձած է, սակայն շարք մը խնդիրներ կը շարունակեն օրակարգային մնալ: Աննա Գզիրեանի կողմէ իրականացած հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնի վերածուած։

– Տիկին արիսեան, ըսէք, խնդրեմ այցելութիւնը ինչ նպատակ կը հետապնդէր եւ ի՞նչ կարեւոր շեշտադրումներ կ՝առանձնացնէք այցէն:

-Սուրիոյ պատուիրակութիւնը կը մասնակցէր ՍԾՏՀ ԽՎ Գլխաւոր վեհաժողովի 52-րդ լիագումար նիստին, քանի որ Սուրիան կը ներկայացնէր Միջերկրածովեան խորհրդարանական վեհաժողովը, ուր այլ հարցերու կողքին, շեշտադրուեցաւ խորհրդարաններուն դերը տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:

Կարելի է նաեւ հպարտութեամբ արձանագրել, թէ այդ ծիրէն ներս, պատուիրակութիւնները, նաեւ Սուրիոյ պատուիրակութեան անդամները, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:

Պիտի ուզէի առանձնացնել նաեւ ՀՀ ԳԱԱ  արեւելագիտութեան ուսումնարան կատարուած այցը, ուր հանդիպում ունեցանք տնօրէնին եւ գիտաշխատողներուն հետ, քննարկեցինք համագործակցութեան հեռանկարները:

Այսօր Սուրիոյ եւ Հայաստանի խորհրդարաններու օրակարգին վրայ ի՞նչ հարցեր առաջնային կը համարէք: Ո՞ր ուղղութիւններով պէտք է գործընկեր պատգամաւորները առաջ շարժին:

-ԱԺ նախագահին հետ մեր հանդիպման ժամանակ քննարկած ենք երկու խորհրդարաններուն յարաբերութիւնները, հեռանկարները: Կարեւոր է յաւելեալ ջանքեր գործադրել խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովներու յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով, որպէսզի այդպիսով շարունակենք դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւնները:

Անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան բուռն ներքաղաքական զարգացումներ՝ յեղափոխութիւն, նոր կառավարութիւն, ժողովրդավարութեան հաստատում: Սուրիոյ գործընկերներու ծիրէն ներս ինչպէ՞ս կ՝ընկալուին Հայաստանեան զարգացումները:

-Սուրիոյ մէջ կը հետեւին Հայաստանի մէջ տիրող զարգացումներուն եւ քաղաքական փոփոխութիւններուն՝ յոյս ունենալով, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն եւ կառավարութեան նոր կազմը ձեւաւորելէն ետք՝ հնարաւոր պիտի ըլլայ կեանքի կոչել ստորագրուած բազմաթիւ պայմանագիրները:

Այս ծիրէն ներս Հայաստան-Սուրիա կապի ամրապնդման գործին մէջ ի՞նչ դեր ունին Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ հայ պատգամաւորները, ընդհանրապէս՝ հայ համայնքը:

-Մենք կը ձգտինք կամուրջ հանդիսանալ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ, եւ մեր բոլոր ջանքերը կը գործադրենք ի նպաստ Սուրիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման:

Տիկին Արիսեան, ըսէք խնդրեմ, ներկայիս անվտանգութեան տեսանկիւնէն ի՞նչ իրավիճակ է Սուրիոյ հայաշատ վայրերու մէջ:

-Պէտք է արձանագրել, որ քաղաքները արդէն ազատուած են ահաբեկչական խմբաւորումներէն, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ պատերազմը աւարտած է: Այո՛, կեանքը աւելի ապահով է՝ հակառակ կենցաղային որոշ խնդիրներու, ինչպէս սղաճը, հոսանքի եւ ջուրի մատակարարման խնդիրները:

Իբրեւ հայ պատգամաւոր, հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ ըստ ձեզի, ներկայիս որո՞նք են Սուրիոյ հայ համայնքի համար օրակարգային խնդիրները:

-Կը կարծեմ, բոլոր սուրիացիներուն նման մեր օրակարգային խնդիրը վերականգնումն է, մանաւանդ մեր դպրոցներու եւ հայկական կառոյցներու վերաշինութեան պարագան (ինչպէս՝ Դամասկոսի արուարձանին մէջ գտնուող հայկական վարժարանը), եւ այս աշխատանքները իրականութեան մէջ կ՝ենթադրեն գումարներ, բաւական ծաւալուն աշխատանք, եւ այստեղ են մեր հիմնական խնդիրները:

Բացի այդ, կը կարծեմ, անպայման պէտք է աշխատիլ գաղութի վերակառուցման խնդիրները լուծելուն ուղղութեամբ՝ տիրող նոր պայմաններու լոյսին ներքոյ:

Ինչ կը վերաբերի հայերու վերադարձին, ըսեմ, որ, ճիշդ է, հանգիստ իրավիճակը կը խրախուսէ շատերուն վերադարձը, սակայն հաւանաբար, պէտք է հաշուի առնել նաեւ տիրող տնտեսական եւ կենցաղային իրավիճակը: