88-ի Երկրաշարժի 30-ամեակին Նուիրուած «Վերականգնումի Կամքով» Երաժշտական Մենահամերգ Այնճարի Մէջ

Սփիւռք

Այսօր, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Այնճարի (Լիբանան) ճաշարան «Արեւ»-ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի 88-ի երկրաշարժի 30-ամեակին նուիրուած մենահամերգ մը։

Բացման խօսքով «Արծիւ»-ի խմբագրութեան կողմէ հանդէս եկաւ Եսայի Հաւաթեան, որ անդրադարձաւ աւերիչ երկրաշարժին, աւելի քան 25,000 զոհուած հայորդիներուն, փլատակներուն տակէն դարձեալ ոտքի կանգնած հայ ժողովուրդի կամքին։ «Այսօր Վերականգնումի օր է, ուժերը համախմբելու եւ հզօր հայրենիք կերտելու ուխտի օր»,- շեշտեց ան։

Այնուհետեւ, ցուցադրուեցաւ երկրաշարժին նուիրուած տեսաերիզ մը, որուն հեղինակն է Նարէ Հաւաթեան։

«Վերականգնումի կամքով» խորագիրը կրող մենահամերգին ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգչուհի Քրիսթինա Սահակեանը։

Ձեռնարկը, որ նախաձեռնութիւնն էր Լիբանանի «Արծիւ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան,  ստացած էր Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալէեմեզեանի օրհնութիւնը։ Անոր հովանաւորն էր ճաշարանի «Արեւ»-ի տնօրէնութիւնը, իսկ նախագահութիւնը ստանձնած էր Տիար Ճորճ Պուչիկեան։

Մենահամերգին ներկայ բազմութիւնը թէեւ յուզուած էր, այնուամենայնիւ մեծ գոհունակութեամբ հեռացաւ դահլիճէն։

Այնճարէն՝ յատուկ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համար