«Եկէք Ապրինք Անցեալը» Խորագիրով Ցուցահանդէսին Բացումը Գամիշլիի Մէջ (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Այսօր, 7 Դեկտեմբերին, ժամը 16.00-ին, Գամիշլիի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարչութեան եւ յանձնախումբերու կազմակերպութեամբ, բացումը կատարուեցաւ «Եկէք Ապրինք Անցեալը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին։

Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Հոգշ. Տոքթ. Ռուբէն աբղ. Նալպանտեան՝ առաջնորդական փոխանորդ Ճէզիրէի։ Տարբեր համայնքներէ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ՝ յայտագիրը սկսաւ հայկական նուագարաններով՝ գեղարուեստական հաճելի երաժշտութեամբ, որուն ընթացքին ներկաները ճաշակեցին մեր հարուստ մշակոյթէն պատառիկներ։ Այնուհետեւ, անոնք հնարաւորութիւն ունեցան դիտելու եւ ձեւով մը ապրելու անցեալը՝ իր գեղեցիկ ծալքերով։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էր անցեալէն եկած իրերու ճոխ հաւաքածու մը, ինչպէս՝ 1900-ականներու ձեռագիր Աստուածաշունչեր, հայկական գորգեր, ժամացոյցներ ու մինչեւ անգամ խոհանոցային տարբեր իրեր։

Շատ հաճելի էր փոքրիկներուն հետաքրքրութիւնը եւ զարմանքը, մանաւանդ, երբ տեղւոյն վրայ կը պատրաստուէին կաւէ կոյժերը եւ կը հիւսուէր հայկական ընտիր նախշերով եւ գեղեցիկ գոյներով կարպետը։

Աւարտին՝ հիւրերը արձանագրեցին իրենց տպաւորութիւնները՝ մաղթեով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը վերակենդանացնէ անցեալի սիրոյ, հաւատարմութեան եւ ընկերային ու ընտանեկան կապերը, որոնք հազուագիւտ են ներկայիս։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան

Գամիշլի՝ Յատուկ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համար