Գիւմրի, Ես Քեզ Գիտեմ ու կը Սիրեմ. Բաց Նամակ Գիւմրիին՝ Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգիսեանէն

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեանը բաց նամակ մը յղած է  Գիւմրիին: Գիւմրիին ուղղուած ՀՀ նախագահի բաց նամակը տպագրուած է ՀԲԸՄ ամսագիրին Դեկտեմբերի թիւին մէջ:

«Սիրելի՛ Գիւմրի,

Երբ դուն կարդաս այս խօսքերը, հազարաւոր մարդիկ՝ հեռու եւ մօտիկ, հարազատ ու անծանօթ, յարգանքի տուրք մատուցելու ընթացքին մէջ պիտի ըլլան՝ քեզի պատահած մեծ աղէտին՝ 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին: Ես պիտի ըլլամ անոնց շարքին՝ վերյիշելով այն սարսափելի օրը, երբ ժամանակը կանգ առաւ ճիշդ 11:41-ին՝ ընդմիշտ փոխելով ճակատագիրդ: Այսօր կատարուածէն անցած է 30 տարի, եւ անհնար է նայիլ ետ՝ առանց հայեացքը դէպի ապագայ ուղղելու: Այլ կերպ չի կրնար ըլլալ:

Դուն քու երկրիդ ու աշխարհին առաջարկելու շատ բան ունիս: Ապագա սերունդներուն հետ հին աշխարհի շատ պատմութիւններ ունիս կիսելու: Չափազանց շատ հպարտութիւն եւ լաւատեսութիւն, որ կ’առաջնորդի դէպի նորացուած, վերականգնուած ու հզօրացած ապագայ: Ես այս ամէնէն տեղեակ եմ ո՛չ թէ միւսներուն պատմութիւններուն, այլ սեփական փորձառութեան միջոցով, որ ունեցած եմ քեզի հետ իմ կեանքիս ընթացքին:

1960 թուականին ես երեխայ էի, երբ հայրս, որ երիտասարդ ու տաղանդաւոր ճարտարապետ էր, ինծի ներկայացուց քեզ: Մենք բացայայտեցինք Արփաչայը եւ անմիջապէս քու սահմանէդ այն կողմ գտնուող հայոց հնագոյն մայրաքաղաքի՝ Անիի աւերակները:

Հայրս կը հիանար քեզի բնորոշ ճարտարապետութեամբ՝ սեւ եւ կարմրաւուն տուֆով կառուցուած կամարակապ շինութիւններէն մինչեւ բակեր, եկեղեցիներ, խորհրդային շրջանէն լաւ ու վատ շինութիւններ: Ան կ՝ուզէր, որ ես ճանչնամ քեզ, Գիւմրի՛, քանի որ անոր նախնիները կապուած էին քեզի հետ: Անոնք կը սերին Էրզրումի շրջանէն, Ձիթող գիւղէն:

Անոնք այն նոյն մարդիկ են, որոնք վերաբնակեցուցին հողերդ 19-րդ դարուն՝ փախչելով պատմական հայկական հողերուն վրայ օսմանեան ղեկավարներու հետապնդումներէն: Ան զիս տարաւ ազգագրական թանգարանդ՝ Ձիթողցոնց տուն (ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան), ուր կը ներկայացուին այն մարդոց կեանքն ու ապրած ժամանակները, որոնցմէ կը սերին բնակիչներէդ շատերը: Անոնք կը խօսին մեր ընտանիքի նախնիներուն լեզուով, որ արմատներ ունի դասական արեւմտահայերէնի մէջ: Ասիկա, ի հարկէ, կը վերաբերի այն մեծ թիւով գրողներուն ու պոէտներուն, որոնց ծնած ես դուն, ինչպէս՝ Աւետիք Իսահակեանը եւ Յովհաննէս Շիրազը:

Դուն նաեւ տունն ես մեծ քանդակագործ Սերգէյ Մերգուրովի եւ փիլիսոփայ ու երաժշտահան Գէորգի Գիւրջիեւի: Անգամ քու աւանդական հագուստն ու ժողովրդական պարերը կը տանին Էրզրումէն եկող ճանապարհովդ՝ դառնալով անցեալն ու ապագան կապող իւրօրինակ կամուրջ մը: Հայրս նաեւ ինծի բացատրեց, որ դուն վարպետներու քաղաք ես, ան քեզի այդպէս ալ կ՝անուանէր: Մինչ օրս դուն կը հպարտանաս լաւագոյն արհեստաւոր վարպետներով, որոնք կ՝աշխատին մետաղներու, փայտի ու քարի հետ:

Այս «ուստաները» (հպարտ վարպետները) դեռ կը կրեն իրենց լաւագոյն օրերուն հանդերձանքը եւ կը շարունակեն այն աւանդական սարքերն ու միջոցները՝ բացառիկ որակ հաղորդելով ապրանքներուդ, որոնց նմանը անհնար է գտնել թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս: Այդ ժամանակ ինչպէ՞ս կրնայի գիտնալ, որ 28 տարի անց հօրս Գիւմրին նման աղէտի առաջ պիտի կանգնի: Ատիկա խոր ցնցում էր, որ հայրս չապրեցաւ, քանի որ հեռացաւ կեանքէն ընդամէնը չորս տարի անց այն պտոյտէն, որ սիրտս բացաւ քեզի: Անմիջապէս երկրաշարժէն յետոյ համալսարանի իմ շատ գործընկերներ, մասնաւորապէս ուսանողները, շտապեցին օգնելու քեզի: Մենք վստահ չէինք, որ կառավարութիւնը կրնայ բաւարար քայլեր ձեռնարկել՝ հաշուի առնելով աղէտին ծաւալները: Բառեր չկան նկարագրելու, թէ ինչ տեսանք: Սակայն բոլոր աւերածութիւններէն ու արցունքներէն անդին՝ Գիւմրիի գեղեցկութիւնը, որ ես տեսած էի հօրս աչքերուն մէջ, ձեւով մը շարունակեց մնալ մտքիս մէջ:

Ութ տարի անց ես վերադարձայ մօտդ՝ այս անգամ արդէն իբրեւ վարչապետդ: Վնասուածքիդ մնացորդները դեռ կը պահպանուէին շուրջդ: Ուստի կը սպասէի, որ դուն զիս դառնութեամբ պիտի դիմաւորես, քանի որ մեր կառավարութիւնը պատերազմի դժուարութիւններու եւ  անկախութեան վաղ շրջանի ցաւերուն պատճառով քեզի այն ուշադրութիւնը չէր դարձներ, որուն արժանի էիր: Սակայն, ի զարմանս ինծի, դուն զիս դիմաւորեցիր ջերմութեամբ եւ երախտագիտութեամբ: Վերապրածներէն շատերը զիս հրաւիրեցին իրենց տնակներ այնպիսի մեծահոգութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, որ ես երբեք չեմ կրնար մոռնալ: Անոնց կողմէ եղած հիւրասիրութիւնը, անոնց երգերն ու արտասանած բանաստեղծութիւնները, ի հեճուկս սուղ ու խեղճ պայմաններուն, վառ վկայութիւնն էին գիւմրեցիի յայտնի մեծահոգութեան, որ ես երբեք մոռնալ չեմ կրնար։ Այսօր ես Հայաստանի նախագահն եմ, սակայն քու մասիդ, Գիւմրի՛, ես կը շարունակեմ մտածել նախ եւ առաջ իբրեւ հայ, իբրեւ մարդ, որ լաւ գիտէ, թէ ինչ է Գիւմրին, ով է գիւմրեցին: Այո՛, ինծի բախտ վիճակուած է այցելելու աշխարհի շատ հին ու նոր քաղաքներ, որոնք բոլորն ալ ունին իրենց հմայքն ու գրաւչութիւնը: Սակայն քու բացառիկ բնաւորութիւնն ու ոգիի մաքրութիւնն են, որ կրկին ու կրկին կը կանչեն զիս մօտդ:

Այս է պատճառը, որ ես քեզ այցելող իւրաքանչիւր օտարերկրացիի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն կ՝ըսեմ՝ ինչպէ՞ս կրնան չսիրահարուիլ քեզի այնպէս, ինչպէս ես սիրահարուեցայ: Ես կ՝ուզեմ, որ անոնք վայելեն համերդ ու բոյրերդ, քու յատկանշական աւանդոյթներն ու համեղ խոհանոցը, ինչպէս նաեւ ճանչնան ժողովուրդիդ խելքն ու իմաստութիւնը: Ես կ’առաջարկեմ առաւօտեան այցելել եկեղեցիներէդ մէկը՝ ինչպէս յաճախ ես կ՝ընեմ, երթալ շուկայ: Ես յաճախ կանգ կ՝առնեմ սրճարան մը՝ բաժակ մը սուրճի շուրջ ծանօթ-բարեկամներու հետ «խօսք ու խորաթայ» ընելու, կշռելու աշխարհի չարն ու բարին: Եթէ հնարաւոր ըլլայ՝ կը միանամ անոնց Արփաչայի ափերուն՝ վայր մը, որ կը շարունակէ իր մէջ պահել երիտասարդ տղայի ու անոր հօր յիշողութիւնները՝ կապուած իրենց նախնիներու անցեալին հետ: Ես նաեւ կը փորձեմ այցելել  հին աշխարհիդ արհեստաւորներուն՝ դարբիններուն, փայտագործներուն ու կաւագործներուն: Կ՝երթամ հին պանդոկներ, ուր կը տարածուին Գիւմրիի լեզուն ու խօսքը, ուր կը խօսուին իւրօրինակ բարբառով, որ կ՝արտացոլէ աւանդոյթներդ ու քաղաքի հպարտութիւնը:

Կրնա՞ս գուշակել, թէ ինչու ինծի համար ցաւի ու ամօթի աղբիւր է այն, որ տարեկան 30 հազարէն ալ քիչ զբօսաշրջիկ կ՝այցելէ քեզի: Այդ թիւը պէտք է տասը անգամ աւելի ըլլայ: Ես կը հաւատամ, որ ատիկա բոլորին պարտականութիւնն է այստեղ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ՝ ընել հնարաւոր ամէն բան՝ վերադարձնելու քեզի բազմամեայ շքեղութիւնդ: Ի հարկէ, պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք պիտի հարցնեն, թէ ինչպէս դուն պիտի տեղաւորես 300 հազար զբօսաշրջիկներ՝ առանց նախ եւ առաջ գումար ծախսելու աւելի շատ ճաշարաններ, սրճարաններ ու հիւրանոցներ բանալու վրայ: Ասոր ես կը պատասխանեմ՝ իբրեւ սկիզբ առաջարկելով մէկօրեայ այցերը: Միայն ասիկա պիտի խրախուսէ ներդրողները կառուցելու, վերանորոգելու եւ վերականգնելու պատմական թաղամասդ: Ինչպէս կը տեսնես, հին աշխարհի քու էութիւնդ առաւելութիւնդ է Երեւանի ու միւս քաղաքներու նկատմամբ: Ի վերջոյ, մեր օրերու Երեւանը արդիականացման իբրեւ արդիւնք կորսնցուցած է իր պատմութեան եւ ժառանգութեան մեծ մասը: Երեւանի հին հատուածը ամբողջութեամբ վերացած է, ուստի մենք մեր հայեացքը կը դարձնենք դէպի քեզ, Գիւմրի՛, բաւարարելու մեր ժառանգութիւնը հասկնալու ու գնահատելու ձգտումը: Շատ մը կառոյցներդ հին են, սակայն անոնք պատմամշակութային կառոյցներ են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը շատ արժէքաւոր է, ունի իր իւրայատուկ խորհուրդները: Ես, օրինակ, մտադիր եմ մասնակցութիւն ունենալու որեւէ կառոյցի վերականգնման գործին: Եւ ես կը խրախուսեմ միջոցներ ու հնարաւորութիւն ունեցող անձերու միանալու ինծի: Այս օրերուն Երեւանէն ոեւէ մէկը կրնայ հիւսիս-հարաւ մայրուղիով հասնիլ քեզի 45 վայրկեանէն ալ քիչ ժամանակի ընթացքին: Ուստի ես կը հարցնեմ ես ինծի՝ ինչո՞ւ մենք չենք կրնար մեր երեխաներն ու ընտանիքը մէկ օրով կամ հանգստեան օրերուն պտոյտի տանիլ Գիւմրի՝ այն պարագային, երբ Հայաստանէն աւելի քան 1 միլիոն զբօսաշրջիկ տարեկան կ՝այցելէ Վրաստանի Հանրապետութիւն: Հաշուի առէք, որ 500 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ հանգիստը Վրաստանի մէջ, բազմապատկած 1 միլիոն մարդոցմով, Վրաստանի զբօսաշրջութեան մէջ կ՝ապահովէ 500 միլիոն ԱՄՆ տոլար: Նման մեծ միջոցները կրնան ցուցանիշ համարուող ժամանակի մէջ վերականգնել վեհութիւնդ: Կը հաւատամ, որ մեր հայրենակիցները ոչ միայն մեծ բաւականութիւն պիտի ստանան՝ բացայայտելով մշակութային գրաւչութիւններդ, այլեւ ներքին բաւարարութիւն պիտի զգան՝ նպաստելով վերածնունդիդ, աւելի վառ դարձնելով գոյներդ, վերականգնելով զօրութիւնդ եւ փոխելով տրամադրութիւնդ: Մէջքիդ այսօր ծանր բեռ կայ, ճակատիդ 30 տարուան կնճիռ կայ: Սակայն որքան ալ տարօրինակ թուի, աւերումը միշտ ալ նորի սկիզբն է: Ամէն անգամ, երբ կը վերադառնամ մօտդ, ես նոր բան կը տեսնեմ երիտասարդներուդ դէմքին, կրկին շարուած փողոցներուդ մէջ, նոր խանութներուդ ու սրճարաններուդ մէջ, վերականգնուած ուղենշային կառոյցներուդ մէջ, հին թատրոններուն, թանգարաններուն ու սրճարաններուն մէջ: Դէպի վերականգնում տանող ուղեւորութիւնդ ամէն անցնող տարիով աւելի կը կարճնայ: Եւ ես մտադիր եմ հեռաւորութեան վրայ քեզի հետ ըլլալու»: